Jump to content

Էջ:Քաղաքավարութեան վնասները.djvu/26

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— 23 —


Կառքին մէջ գտնուողներն կը խնդան այս տեսարանին վրայ, բայց մեր բարեկամն չհասկնար և կը շարունակէ ծեծել Մելքոն աղան, որուն համբերութիւնը կը հատնի և կառքը Չէմպէրլի Թաշ հասնելուն պէս ինքզինքը կառքէն դուրս կը նետէ։

Ւ՞նչ ընէր Մելքոն աղան, կրնա՞ր ըսել բարեկամին ռր ըրածն քաղաքաւարութեան դէմ էր, անկրթութիւն էր։ Ոչ։ Քաղաքավարութիւնը բացարձակ կերպով կը դատապարտէ անկիրթին անկիրթ ըսելը․ ուստի Մելքոն աղան անկիրթ երեւալէն լաւ համարեց ծեծ ուտելը։

Այս տողերը գրողն ալ օր մը ալս տեսակ երկու պերճախօսներու մէջտեղը գտնուեցաւ, դժբախտաբար, և մազ մնաց ռր ոսկորներն ջարդուխուրդ ըլլային եթէ գթասիրտ մէկն վարպետութեամբ չազատէր զայն։

Բայց այս պերճախօսներէն աւելի սարսափելիները կան։

Պատմենք։

Սեդրաք աղան կոշկակարի մը խանութը կը մանէ։

— Բարեկամ, կ՝ըսէ կոշկակարին, զոյգ մը կոշիկ կ՚ուզեմ ապսպրել։

— Շատ աղէկ։ — Կոշիկներուն քիթը նեղ ըլլալու չեն։

— Հիմակուան մօտայէն չէք ուզէր ըսել է։

— Միայն կ՚ուզեմ ռր ոտքս կոշիկի մէջ կա-