Էջ:Քաղաքավարութեան վնասները.djvu/6

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ


Բռնաւոր մը կայ որ գեղեցիկ անուան տակ ծածկուած զմեզ գերութեան կը դատապարտէ։ Նոյն իսկ այն առանձնաշնորհմանց մէջ զորս մեր կամքն կը շնորհէ մեզ և որոց չհակառակիր օրէնքն։ Այս բռնաւորը բնութեան ալ կը հակառակի և թոյլ չտար անոր որ ազատ համարձակ գործէ մարդ էակին վրայ։ Այս բռնաւորը քաղաքավարութիւնն է։ Այս բռնաւորին հակառակողները անկիրթ կ՚անուանուին յանիրաւի։

Այս քաղաքավարութիւնն քաշուելու բան չէ մանաւանդ անոնց համար որ կը սիրեն և տրամադրութիւն ունին բնութեան օրինաց հետեւիլ, և այս ընթացքով երջանկութիւն գտնել։ Հասկցնելու համար թէ որչափ կը չարչարուին, կը հարստահարուին այս խեղճերն, արժան կը դատենք քանի մր օրինակներ մէջ բերել։

Բարեկամներէդ մէկուն անուան տօնախմբութեան ներկայ գտնուիլ կը փափաքիս։ Ընթրելէն յետոյ կ՚ելլես բարեկամիդ տունը կ՚երթաս ուր սիրալիր ընդունելութիւն մը կը գտնես։ Մէկ ժամու չափ նստելէն ետքը աչքերդ կ՚սկսին գոցուիլ, և կ՚ուզես բազմոցի վրայ ընկողմանիլ։ Ախորժակով ընթրած ըլլալով՝ գօտիդ քիչ մը թուլցնելու կամ քակելու պէտք կ՝զգար։ Հրաւիրելուց առջեւ ասանկ պէտք մը զգալն հակառակ է