— 4 —
քաղաքավարութեան։ Քունը երթալով կը ծանրանայ արտեւանանցդ վրայ։ Բազմութեան մէջ եկող քունն անկիրթին մեծն է, վանել հարկ է այդ քունը։ Բնաւթիւնը «քնացի՛ր» կ՚ըսէ, քաղաքավարութիւնը «մի՛ քնանար» կը պոռայ։
Փորձէ և քիչ մը քնացի՛ր։
Տան տէրը գլխուդ վրան կը տնկուի։
— Ինծի նայեցէ՛ք, կը պոռայ ապասաւորներուն, քիչ մըջուր բերէ՛ք Պապիկ աղային։
— Չէ, չէ, չեմ ուզեր ջուր։
— Ինչո՞ւ կը քնանաք, Պապիկ աղա։
— Նստած տեղս քունս եկաւ, ներեցէ՛ք։
— Մեզմէ չախորժեցար։
— Քաւ լիցի։
— Ուրիշներուն տունը մինչեւ առտու կը նստիք, մեր տունը շուտ մը կը քնանաք։
— Շատ կերայ այս գիշեր, այդ պատճառաւ․․․։
— Ոչ աս է ոչ ան, կ՚ըսէ տան տիկինը, մեր տունն աղէկ զբօսում չկայ, անոր համար․․․։
— Կ՚աղաչեմ, մի՛ խօսիք այդպէս։
— Ուրիշ տուն մը գտնուէիք նէ՝ հարկաւ ա՛լ աւելի պիտի զբօսնուիք և զուարճանայիք։
— Սիկարա մը բերէք Պապիկ աղային, կը հրամայէ տան տէրը։
— Խնձոր մը ոտկեցէք Պապիկ աղային , կը հրամայէ տան տիկինը։
— Շնարհակալ եմ։
— Խահուէ մը եփեցէ՛ք։