Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/16

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Սակայն հակառակ նոր շունչ, նոր հաւատք, նոր երգ տալու, իր խոստումին, բանաստեղծին հոգին կը ճենճերի հայրենախտի հիւանդութեամբ երբ այսպէս կը գրէ հայրենի հողը նկատի ունենալով.

Ուրացա՛յ քեզ,- չի մոռցա՜յ...
Շպարն երբեք գոյն չի բոնեց թուխ այտերուս
                                 կիսամեռ,
Օտար ձեւեր զիս իմ մէջըս ծաղրերգեցին անխնայ.
Օտար տղաք, օտար ձայներ, լոկ յուշն եղան գիւղին
                 մեր հայ մանուկին գանգրահեր։


Տառապանքով մեծցաւ այս սերունդը մինչեւ որ տասնամեակներ ետք հասաւ նիւթական ապահովութեան միայն. այլ երբեք չհասաւ հոգեկան այն անդորրին զոր կրնար ունենալ լոկ հայրենի հողին վրայ:

Եղեռնի սերունդը պիտի տար իր ապրումները, հայրենի եզերքը կորսնցուցած մարդու, հարազատներ անգերեզման թողած մարդու իր ապրումները, իր ապրած ժամանակին վկայութիւնը վերջապէս. ահա թէ ինչո՛ւ, Գլըճեանի քերթողագիրքը վկայարանն է ոչ միայն իր, այլ իր սերունդին։

Եւ տարագիր բանաստեղծը, որ հայր է այլեւս, ունի պատգամ մը տալիք իր զաւակին.- «Տղաս,Չուրանաս» քերթուածին տողերովը.

Ինչ որ ուսայ հաստ գիրքերէն իմաստուն,
Ինչ որ հոգւոյս եթերին մէջ ուռճացաւ,
Կ՛ուզեմ երկնե՜լ ականջիդ մօտ,- քու լեզուն
Հեգել սորվի մեծ խորհուրդին ձեւն անբաւ։
Մտքիս պա՛հն է, տղաս, չի մոռնաս,

Չի մոռնա՛ս։


16