Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/22

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ամէն մէկ րոպէ մսին մէջ` անմար
Դողի պէս զգալ թէ՝ մահ, թէ ծնունդ։


Ծնունդ ու մահ: Յաւիտենական նիւթը բոլոր մեծանուն եւ անանուն քերթողներու։

Սիրոյ պագշոտ խօսքի չէք հանդիպէր Ալեք Գլըճեանի քնարերգութեան մէջ: Ինչպէս իր ազգային, նոյնպէս իր քնարական երգերուն մէջ անկեղծութիւնն ու անմիջականութիւնը եղբայրացած հանդէս կու գան ըլլալու համար այսպիսի քերթուած մը` «Կին Դու, Զի՛ Լաս».

Բայց դուն չէ՞ որ սիրել գիտես՝ ու տոկալ
Կեանքի էն խոր երկունքներուն իսկ դժնէ.
Լացըդ մէկդի՛. չարիքին դէմ ոճրածալ՝
Ցանուն կեանքին դարձեալ ծնէ՛, մի՛շտ ծնէ,


Ու սորվեցուր զաւակներուդ երբ մեծնան
Թէ աշխարհը տանջարան չէ, ո՛չ ալ բանտ,
Ալ հերի՛ք է, մարդիկ բարի թող ըլլան։


Այս տողերէն նշուլողը բանաստեղծին բարութիւնն է։ Ու այսօր, երբ Գլըճեանին Ամերիկա հաստատուելուն 80րդ տարին է, մենք ալ Սուրիոյ հողէն հարց կու տանք իրեն, այս ութ տասնամեակներու ընթացքին, իր վերի քերթուածը գրելէն վեց անգամ տասը տարիներ անցնելէ ետք, հոն, բարին աւելցա՞ծ է թէ չարը։ Մարդը դարձա՞ծ է բարի:

Բայց բանաստեղծը ոչ միայն պիտի ցանկայ բարին, այլ պիտի ըյյայ ջանադիր բարին ծնելուն, ստեղծելուն, բազմապատկելուն։


22