Բանաստեղծը «Իմաստութեան Ձայն» կը կոչէ հօրը մէկ պատգամը ուր ըսուած է․-
|
Որքա՛ն ճիշդ փորձառութենէ մը ծնած է
բանաստեղծին հօրը այս պատգամը որուն քիչ անգամ
կը հանդիպինք մեր օրերուն երբ մարդը դարձած է
անկուշտ անասուն։
«Ապաշաւ» քերթուածը կու տայ մտորումները ծերացած աղջիկի մը․-
|
Դարերէ ի վեր անլուծելի մնացած հարց մը այս
եւս երբ անպսակ աղջիկներու կը զլացուի մայրանալու
հրաշքը։
Արեւմուտքը այս հարցը լուծած ըլլալ կը թուի
մասամբ, բայց հիմնականին մէջ քիչ մը ամէն տեղ
ու մանաւանդ հին աշխարհ կոչուող ցամաքին վրայ
անպսակ ու մայրանալ տենչացող բիւրաւոր աղջիկներ
23