Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/24

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կ՚ապրին ահաւոր տագնապանքը իրենց անտեսուածութեան ու իրենց հոգեկան աշխարհը տեղի կու տայ ոչ միայն անչափելի լարուածութեան մը, այլ մերթ կը հասնի հաւասարակշռութեան կորուստի, դառնալով վէրք կոտտացող ընկերութեան մարմնին վրայ:

Գլըճեանը ունի գրելու ուրոյն ձեւ։ Այդ ձեւին կը

հանդիպինք գրեթէ միայն իր մօտ։ Կարծէք ան երկխօսութիւն մը կը կատարէ ընթերցողին հետ։ Ունի հարուստ բառապաշար, բայց ունի նաեւ կէտադրական ուրոյն մօտեցում, որ մեր օրերուն մոռցուած է քիչ մը։

Եթէ մինչեւ հիմա, Ալ. Գլըճեանը խօսեցաւ զինք

մրրկող հողի կորուստին մասին, քիչ մըն ալ ամուսնական առագաստի մասին եւ իր նիւթը եղան ծերացած աղջիկներ, ալ ոչ միայն հայր դարձաւ ան, այլ նաեւ մեծ հայր, ուստի, ահա մենք կը հանդիպինք բանաստեղծին այն երգերուն որոնք նուիրուած են իր թոռներուն.- «Բաց Նամակ» մը ահա.-

100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/24


Քեզի, Հրա՛չ,
Իմին խոշո՜ր պէպէկս,
Որ կորսուած մանկութիւնս տուիր ինծի ետ ու գըր
կիս մէջ՝ զիս ինքզինքիս փաստող աստուածային
հայելին դարձար...



«Բարի Լո՛յս Ձեզի, Բարով Նոր Տարի» իր զաւակին ու հայրենիքին ձօնուած երգ մըն է, ուր.–

100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/24


Ես լուռ դաշտ մ՚էի արդ դուն քաղցրահունչ
Առուակ մը իբրեւ կը դառնաս իմ շուրջ։





                   24