Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/29

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տասնամեակներ ամբողջ անբացատրելի լռութիւն մը պահեց եւ անցաւ հայ գրական բեմի վարագոյրին ետեւը։ Բայց միթէ՞ վարագոյրով կարելի էր փակել ճառագայթները լոյսին։

Ան, մեծ ուշացումով վերստին եկաւ մեր գրականութեան, ճիգերովը իր հոգեղբօր գրագէտ՝ Անդրանիկ Անդրէասեանին որուն միացանք նաեւ մենք հրատարակութեան տալով Ալեք Գլըճեանի այգիին երկրորդ նարնջակողովը այնքա՜ն բուրալի։

Բայց նախքան անցնիլը այդ պատմութեան, հաստատենք, որ Գլըճեան բանաստեղծին առաջին գիրքը գտաւ լայն արձագանգ քիչ մը ամէն տեղ։

ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ ԳԼԸՃԵԱՆԻ

Ա․ԳԻՐՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

1․– Արձագանգողներու վերջիններէն չեղաւ ներհուն քննադատի համբաւ վայելող Յակոբ Օշականը, որ Գլըճեանի այս գիրքին մասին գրեց այսպէս․ «Երբ կարաւանը կ’անցնի» խորադիրին տակ․

«Ժամանակէ մը ի վեր, վախով է որ կը բանամ քերթուածի ամէն նոր հատոր։ Նախապաշարո՞ւմ։ Գիտակցութեան չհասած յուսախաբութի՞ւն՝ որ արդիւնքն ըլլայ պատերազմէն ասդին մեր քերթողութեան պարզած այլապէս անսփոփ նահանջին։ Ուրիշ, ինձմէ վրիպող ազդակնե՞ր որ դեր մը ունենային մանաւանդ ինձմէ ներս։ Ո՜վ գիտէ։ Իրողութիւն Է որ միտքէն առաջ սիրտը կը մեռնի մեր մէջ։

Հասկնալի՝ անհանգստութիւնը որով կը մտնեմ հատորիկի մը մեջ, անունը՝

29