Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/30

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Երգեր Ուրացման եւ զղջումի: Կարդացի սակայն ու մէկ շունչով։

Ան որ երգած է այդ կապարի պէս ծանր ու տրրտում, գորշ երգերը, գեղեցիկ անծանօթ մըն է, մերկ ու մատաղ արձան մը, առանց արձանագրութեան ու առանց պսակի։ Պատմութիւնը քիչ անգամ բեռ չէ:

Չեմ տար պարունակութիւնը: Չեմ լայննար՝ ընծայելու, ներկայացնելու, դատելու ու յարակից սպասներուն, որոնք գիրքերու վրայ խօսքը կ՚ընեն երբեմն այնքան սուր ու պայմնադրական մրցանք մը, աւելցընելու համար անմիջապէս որ առաջին իսկ քերթուածէն ինքզինքս կը գտնեմ.

ա.- աշխարհի մը առջեւ որ նոր է գէթ մեր գրականութեան համար:

բ.- այդ աշխարհը տալու կերպի մը առջեւ որ այնքան բազմազան թելադրութիւններ արթնցուց ինձմէ ներս:

Փնտռեցէք գաղտնիքը մեր վաւերական քերթողներուն: Ձայն պիտի գտնէք անոնց ոչ թէ զգացողութեան որակին կամ քանակին մէջ, այլ այդ զգացողութիւնը արտաբերելու կերպին մէջ: Մեծարենցի դիւանը իբր խորք քիչ բանով կը զատուի 900ի սնոտիքէն: Բայց իբրեւ ձե՞ւ

«Զղջումի եւ Ուրացման Երգերուն» հարիւրները մենք կարդացեր ենք անուղղայ այն խառնակոյտին մէջ, որուն անունն է խորհրդահայ բանաստեղծութիւն (դուրս մի ձգէք ամէնէն տաղանդաւորներուն գործն ալ Չարենցէն մինչեւ Յովհաննէս Շիրազ) բայց տառապեր ենք անոնց անկանգնելի տափակութեան առջեւ, ոչ` որովհետեւ անոնց զգացողութիւնը օտար–


30