հասկնալի մնալու առաքինութեան մունետիկները ինչպէս պիտի ընդունին սա «Երգեր»ը որոնց նիւթը կու գայ զանգուածէն եւ որոնք սահմանուած են զանգուածին։ Զղջումի եւ ուրացումի սա երգերուն հետ ինծի տրուած է գէթ մէկ ան գամ հաստատել լրջութիւն մը որ արդիւնք է յարգանքի ու արհամարհանքի։ Երիտասարդ հեղինակները միայն քաջալերանք չեն սպասեր տարեցներէն։ Անոնք կը պահանջեն որ չափուին։ Նման փորձ մը, այս առիթով պիտի նշանակէր ամբողջ մեր նորագոյն քնարերգութիւնը վերլուծման ենթարկել - աշխատանք՝ որուն համար անբաւարար են իմ ուժերը։
Այս գիրքը մեզի կը մօտեցնէ շատ բարդ ու դժուար հարցեր»։
Հոկտ. 15, 1938, Էջ 992 (տուինք հատուածներ Թ․Թ․)։ Ահա Յակոբ Օշականին համապարփակ վերլուծումը, որ մեր օրերուն եւս կրնայ օրինակ ծառայել թէ՛ գրողներու, թէ՛ քննադատներու։ Դիւանի մը մօտենալու այս կերպին կայ խիստ կարիքը։ ժամանակները ե՞րբ պիտի ծնին այդ անձը։ 2․- «Նոր Գիր»ի տղոցմէն, տանք խօսքը Սուրէն Մանուէլեանին․
«Մուտքը, որ Գլըճեան ունեցաւ՝ դանդաղուն չեղաւ, խարխափումներով, տնտնալով չմօտեցաւ սեմին եւ ոչ ալ դրան բախումը թեթեւ էր։ Եւ խստապահանջ դիտողներ ոչ միայն իրարու չփսփսացին օտարականի մը, ցնցոտիապատ աղքատի մը իջեւանումը,
32