Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/31

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ւեր մեղի (հակառակն է որ ճիշդ է), այլ՝ որովհետեւ այդ ամէնը մեզի կու գան առանց ձեւի կնիքին։

Նորերուն մէջ հաստատուած ձգտումը՝ քերթողութիւնը ազատելու թարմատար գաշտերէն (Բ. Թօփալեան, Ն․ Աարաֆեան), որոնք արեւմտահայ ոտանաւորը կը մակաբուծեն, ու ահաւոր սնոտիքէն, գռեհկութենէն՝ որոնցմով արեւելահայ բանաստեղծութիւնը այնքան հպարտ է ու ինքնաբաւ, «Երգեր»ուն հեղինակին մօտ կը ստանայ տիրական կնիք։ Շա՞տ խօսիլ։

-Ահա մարդ մը վերջապէս որ մեր ամէնուն հոգիին խօսող հարցերը մեզ կը մատուցանէ բայց վայել լրջութեամբ, պատկառանքով։

Շատ են թելադրանքները այդ «Երգեր»ուն։

Ահա քանի մը կարեւորներ.

ա․- Արհամարհանք ընթացիկին (կանոն, լեզու, ճաշակ, աւանդութիւն ու ասոր ճնշումը), որ կը նորոգէ այդ ըսուածքը։ Մի շփոթէք ասիկա անճարակ աղքատութեան, բռնազբօս ինքնատպութեան, մաքի բոպիկութեան հետ, որոնք տարազին տակ կրնան ապաստանիլ մեծ իրաւունքով, այնքան աննշան բանով կը զատուին իրարմէ ադամանդն ու ապակին։

բ․– Ինքնութիւն մը (պիտի ըսէի ինքնատպութիւնը եթէ բառը չըլլար սպաննուած մեր նորերուն չարաշահութեան երեսէն), որուն ուժը կու գայ ըսուածքին ձեւին չափէ ԷութենԷն ալ։ Բացէք խորհրդահայ քերթողներու որ գիրքը ո՛ր կ՚ուզէք, համոզուելու համար թէ ի՞նչ է կշիռը այս բառին։

դ․- Խտութիւն. նոյնիսկ մթնելու գինով։ Ասիկա պէտք չէ զարմացնէ մեզ, որ վարժուած ենք։ Բայց ճապաղանքին, ծանծաղութեան, ամէն բանէ առաջ


31