Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/40

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

այդ, յայտնեմ թէ ի վերջոյ նամակ մը ստացայ բանաստեղծէն․․․ իր Առաջի՛ն նամակը, որմէ, անգաղտնապահօրէն, ահաւասիկ քանի մը տողեր։

Սիրելի թորոս, պատուհա՛ս բարեկամ, Ուրկէ՞ բուսար դուն։ Երդումս քակել տուիր ինծի՝ բռնութեան տակ։

քեզի՛ ալ, Անդրանիկի՛ն ալ, ու սա իմ թշուառական «քերթուածներ»ո՛ւս ալ, խաչեցիք զիս։ Սուրբ գրային զոյգ մը աւազակները միտքս կ’իյնան․ մէջտեղ ինկած զոհ մըն էի կարծես․․․

«Անմոռանալին» շատ յեղեղուած, ճապաղ բառ մըն է արդէն բարեկամական զեղումները նշող, երբ անակնկալ հաճոյքի մը խոր ու ծաւալուն, մշտատեւ ալիքներով կ՚օրօրուինք։ Ըսե՞մ թէ այցելութիւնդ շատ տաք, սրտագրաւ ողջագուրումի մը արձանագրութիւնը պիտի մնայ միտքիս մեջ։ Հոգեկան կազդոյր մը ընծայեցիր ինծի։

Երկու տող տպագրական մտմտուք։ Արձակ թէ չափածոյ, քեղի կը թողում կատարել ընտրութիւնը, դասաւորումներն ալ։ Ազատ պիտի զգաս ընելու հարկ եղած հպումները։ Շնորհակալ պիտի մնամ։

Շատ Սիրով՝ Ալեք

Ահա մարդն ու բանաստեղծը։ Կարդացէք ու եթէ կրնաք՝ մի՜ սիրէք․․․»։ Հալէպ, 29 Դեկտ․ 1984 Թորոս Թորանեան

Ու այս գիրքը լոյս տեսաւ 1985ին վերստուգումովը արձակագիր Արմէն Դարեանին, որ մեծ սիրով կապուած էր Գլըճեանի գրականութեան։

40