Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/47

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Եթէ Աստուած ստեղծեց Զիս «իր պայծառ դէմքին պէս», Տուաւ ինձ լոյս, հոգի, շունչ՝ Ցաւերժութեան փաստ իբրեւ,

Այ մի՛ ըսեր. «հող էիր Պիտի դարձեալ հող դառնաս»։

Եթէ ծնայ մարդ-էակ, Հող դառնալուս շահն ի՞նչ է։ Ու վերջապէս, բանաստեղծութիւններու այս չարքը կը փակուի Իսահակեանի հետեւողութեամբ «Ե՛լ Ապրիր» երգին տողերովը որ վերապրումի, յոյսի կամարւող ծիածան է այս գիրքին վրայ եւ հայու հոգիներուն վերեւ.

Ծունկի՛ եկ արդ, ու տառ առ տառ Համբուրիր գանձ հայոց լեզուն,- Ու ապրի՛ր.

Վաղ հեթանոս ռազմերգերի Կայծն ամբարիր երակներիդ Ու ապրի՛ր.

Հին ողբերի տետրը սեւ յուշ Թաղիր անմեռ յոյզերիդ տակ,– Ու ապրի՛ր.

Գերուած հողի կարօտներիդ Արցունքի տեղ գարնան ցօ՛ղ տուր,– Ու ապրիր.

47