|
1985
Իր 85 տարիքին գրուած այս երգը մեր ժողովուրդի անկասելի երթին հիմն է, փառերգը, որ մեզ բանաստեղծին կը կապէ ու կը դարձնէ ուղեւորը մեր ժողովուրդի անվախճան ճամբուն։
Տեսաք, զգացիք Ալ. Գլըճեան բանաստեղծի ինքնատիպ, պարզ բայց մերթ իմաստասիրական խորքով չնչող բանաստեղծութիւններուն հնչական եւ իմացական զօրութիւնը։
Տեսաք, զգացիք, չօչափեցիք նոյնիսկ եղեռնէն փրկուած, պատառ–պատառ եղած բայց տրոփող սիրտը բանաստեղծին յանուն իր կորուսեալ հայրենիքին, յանուն չարունակուող երկրին, յանուն հայոց լեզուին ու մարդ արարածին։
Ընկալեալ ձեւապաչտութեան ստրուկը չէ Գլըճեան, եւ ոչ ալ նորարարութիւն փորձող իմաստակներու հետեւորդ. բայց եւ այնպէս նոր է իր հինը տալու ձեւը ու միայն իրեն պատկանող. ահա թէ ինչու հարիւրամեայ ապրող բանաստեղծը մտած է չարքերուն մէջ մեր այն երգիչներուն, որոնց տրուած է ապրիլ երկրորդ կեանքով մը նաեւ այս նագամ բազմապատկուած հարիւրներով։
Ահա կ՚անցնինք այս հատորին բ. մասին, որուն խորագիրը չկարծէք թէ փոխ առնուած է Օրմանեան մեծ Պատրիարքէն։
48