Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/49

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Բ. ՄԱՍ - ԽՈՀՔ ԵԻ ԽՕՍՔ

Այս բաժնին մէջ ընթերցողը ծանօթանալէ ետք բանաստեղծին, պիտի առնէ ճաչակը Գլըճեանի արձակին, որ թէեւ կու գայ Զորք Մարզպանի նախակրթարանի գրասեղաններէն բայց իր բուրմունքով կը յիչեցնէ նոյն Զորք Մարզպանի ծաղկուն նարնջաստանները։

Միայն զարմանալ կարելի է որ իր բովանդակ կեանքը Ամերիկայի մէջ անցուցած հայ մը ինչպէս կրնայ պահել իր մայրենին, առաւօտներու պէս պայծառ, վաղ ժմնած ցօղերու, հանգոյն լուսաւոր եւ երկրի աղբիւրներուն պէս կարկաչուն։

Այս բոլորը ստորագրողր երբեք չունի միտումը ձեզ նախապաչարելու, ընթերցող բարեկամներ, եւ ձեզի տալու կանխակալ կարծիք մը որպէս զի ելլէք ու բուրվառ ծխէք բանաստեղծին արձակին ի լուր։

Մենք կը խօսինք մէջբերումներով որպէսզի դուք կազմէք ձեր սեփական կարծիքը Գլըճեանի ձիաւոր արձակին մասին։

Երբ Գլըճեանի արձակին մասին Է խօսքր, չկարծէք յանկարծ որ պատմուածքներ պիտի մատուցուին ձեզի եւ կամ դէմ հանդիման պիտի ելլէք վիպակի մը։

Գլըճեանի արձակ էջերը որպէս բովանդակութիւնդ, ունին խոհեր, սիրտի խօսքեր, զրոյցներ, դիմաստուերներ, վկայութիւններ ազգային դէմքերու մասին եւ կարծիքներ որոչ գիրքերու չուրջ։

Ալեք Գլըճեանի արձակը երբ կ՚ըսենք, մենք ամէնէն առաջ նկատի ունինք գրողին բիւրեղային լեզուն - հայերէնը. անչուչտ առանց բացառելու նաեւ

49