Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/58

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ահա բանաստեղծին տպաւորութիւնը Ալիսիա Կիրակոսեանի «Արմատ եւ էութիւն» գիրքէն բարձրացող․

«Քերթուածներու ոսկեվառ, ծաղկաստան մը՝ այս մէկը։ Սէր, երազ, մենութիւն, հայ արմատներուդ փառքը սնուցանող արնաներկ հողէն ու տառապանքէն վերընձիւղած յոյսը՝ պայծառ խոհերու ծիածան մը կը բռնեն, քաղցրաւաչ առուի մը վերեւ կը թափառիմ էջերուն ջերմ, հիւրընկալ, հեզասահ ծփանքներուն մէջ։ Ընթերցումին ագահութիւնը վայելքի գաղտնի, անկուշտ ծորակ մը կը ձգէ աչքերէս, ուղեղէս ներս դէպի սիրտ»։

Եթէ զեղում գտաք Ալիսիայի գիրքին վերաբերմամբ, տրուածը սակայն անկեղծ վկայութիւն մըն էր։

Բայց ահա նոյն անկեղծութիւնը Մկրտիչ Հաճեանի «Բոցեր» գիրքիե առիթով․

«Տարիներով տառապեցանք ընտելանալու համար պէտէվի այս գրիչին բանաստեղծական զեղումներուն։ Հիմա, գիրքի մը կողքին թառած՝ մենամարտի կ՛ելլէ։ Սարերու շկահիւնը կը ըսենք արդէն։ Վկայելու ենք, շուտո՛վ, թէ ապերասան, զարտաղի, գրական սրբութիւնները աքացող բարբարոս քերթողագիրքի մը հետն ենք, ուր, անկախ մեր նախասիրութիւներէն վայրագ շունչ մը կը թեւածէ»:

Գլըեանին միտքը ոչ հարուածել է եւ ո՛չ ալ փայփայել։

Կու տայ իր զգացածը, կշռածը։ Ծանր ու թեթեւ ըրած է գործը ու կշռաչափերը նիշդ դրած։

Ահա կարծիք մըն ալ Մարօ Մարգարեանի «Լցուած Լռութիւնը» գրքին մասին․


58