Jump to content

Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/59

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

«Մատեան մը.- «Լցուած Լռութիւն»:
Ծննդավայր.– Երեւան։
Մսուրը.- կնոջ մը սիրտը։
Մայր ստնտուն.- Մարօ Եղիշէի Մարգարեան։

Երբ սիրտը կը յորդի խոhերու Լռութեան մէջ ծաղկող լուսեղէն սէրերով, քերթողի մը տառապած հոգին է որ կը գալարուի բառերու զսպուած յորձանքին մէջ։ Արարչական երկունքի սարսո՞ւռ՝ երգերու այս հովիտին մէջ թեւածող»։

Բնութագիր մը՝ ոգեղինացող: Հիմա, կը խորհինք թէ թիչ ճանչցաք Ալեք Գլըճեան բանաստեղծն ու արձակագիրը իր իսկ տողերուն, խոհերուն, ցաւերուն եւ ուրախութիւններուն ընդմէջէն, որոնք եկան ձեզի բանաստեղծին առաջին եւ երկրորդ գիրքերուն ճամբովը։

ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐ «ԵՐԳԵՐ ՀՈՂԻ ԵԻ ՀԱՏՈԻՑՄԱՆ» ԳԻՐՔԻ ՄԱՍԻՆ

Յակոբ Օշականը չկար որ խօսէր։ Ան մեկնած էր անդենական 1948 թուականին։

Բայց այլ խօսողներ եղան։ 2 Մայիս 1987ին Անդրէասեան յօդուած մը ստորագրեց «Պայքար»ի մէջ։ Նուպար Ակիչեան յօդուած մը ստորագրեց Լոս Անճելըսի «Նոր Օր»ին մէջ, 1988ի Մայիսին Արմէն Դարեան գրեց Պէյրութի Զարթօնք օրաթերթին մէջ, 12 Դեկտ․ 1985ին, Արամ Արամեանը (Արամ Սեփեթճեան) գրեց Լոս Անճելըսի «Նոր Կեանք»ին մէջ ու վերջապէս՝ հայրենիքէն, քննադատ Վազգէն Գաբրիէլեանը յօդուածով մը վեր առաւ արժանիքները


59