Jump to content

Էջ:75-55 Թորոս Թորանեան.djvu/14

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

թեամբ, հայ գիրի ու դպրութեան անխոնջ ծաոայողր, որան ծանօթացանք իր բագմատասնեակ գիրքերու, անհամար հրատարակութիւններու եւ հրապարակախօսական յանդուգն յօղուածներու ընթերցումով, (ուր աոանձին աշադրութեան ևւ դրուատիքի արժանի են մեր ժողովուրդի ականաւոր դէմքերն ու ընտրագոյն զավակներր իր յանկուցիչ լեզուով ևւ համակրևլյւ խրայատուկ ոճով րւյսի բերող համով հոտով յուշագրու- թիւներր). ճշմարիտ հայրենասէրը հայրենի հողի պաշտամունքի ևւ հայութեան ծաոայաթեամբ յագեցած իր բազմաշերտ նախաձեռնութիւններու ընդմէջէն:

Իսկ այս բոլորին որպէս հանրագումար բիւրեղացեալ հայր, որ իր ագգին ու հայրենիքին տուաւ աոատօրէն, անսակարկ եւ անմնացորդ նուիրումով: Հայը, որ հալէպահայութեան զարդը դարձաւ, անոր պայծառ եւ լուսաւոր դէմքը, հարազատ եւ վաւերական ներկայացուցիչը Թորգոմեան ցեղի այն ազնուական շառավիղը. որ իր վեհանձնութեամբ, անձնուրացութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ այսօր իր շրջապատն ու բարեկամները կը ղնէ զինք արժանաւորապէս գնահատելու եւ բարձրագոյն պատիւներով պարուրելու քաղցր պարտականութեան տակ:

Աներկբայօրեն կը հաւատանք, որ հալէպահայ պատմութիւնը պայծառ եւ ոսկետառ էջերով պիտի անդրադառնայ Թորոս Թորանեանի խոնարհելի վաստակի ևւ բագմերախտ գործունէութեան մասին:

Արդ, բարձրօրէն կը գնահատենք Հ.Բ.Ը Միութեան հովանաւորուրութեամբ եւ Հ․Ե․Ը․ Ընկերակցութեան նախաձեոնարեամբ կագմակերպաած յոբե|ենական այս գովևփ եւ որհնեա| ձեռնարկը արղարօրէ ն հատուցելու եւ ըստ արժանւոյն մեծարև|ու համար միուրեանղ երախտաւոր եւ վեթերան անղամներէն բագմավաստակ, սւաղանղաւոր ևւ ժրաջան մտաւորական բժիշկ Դոկտ Թորոս Թորանեանր, ցանկալով ձևգի յարատևւ յաջողութիւն եւ արգասաւոր գործան1.ութխն մշակութային եւ բարեսիրական ձեր ագգանպաստ եւ ժողովրղանաէր աոաքելութեան մեջ։

Կ՛աղոթենք աո բարձրեալն Աստուած. որ վարձահատոյց րրայ մեր փոքր ածուի ծաոայութևան կոչաած բոյոր գինուորագրևայներուն:

Փաոք, պատիւ եւ բիւր օրհնաթխն մեր մեծասքանչը աչքի լոյս դաւանող դարաւոր եւ վւաոաւոր հայ մշակոյթի պանծափ ջահը մշտարծարծ պահող բոլոր նոփրևալնևրուն

Մնամք սիրոյ ջերմ ողջունիւ ևւ որհնուբևամբ.

ադօթարար՜ ՍՈՒՐԷՆ ԱՐՔ ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՀԱՑՈ^ ԲԱՐԻՈՎ ԹԻՄԻ

10 Փետրաար, 2003

13