[[Կատեգորիա:]]
[[Կատեգորիա:]] Բժիշկ Դոկտ. Թորոս Թորանեան. լոաաւոր եւ հանրածանօթ անուն մը իր ծննդավայրին՝ Հալէպի, ողջ գաղթաշխարհի թէ հայրենիքի մէջ: Յիրափ ջերմ, հաղորդական, կայտառ եւ կենսուրախ մարդ մը, որ առանց դժուարութեան կամուրջ կը նետէ եւ սերտ բարեկամութխն կը հաստատէ. պատահական ոեւէ անձի հետ: Ամէն ոք բարեկամ կը համարէ, ամէն հայ՝ պատուական: Պերճախօս է, անմիջական, քաջ եւ համարձակ, որ իր ընդարձակ մտահորիզոնով, ստեղծագործ երեւակայութեամբ, գիտե- լիքներու անսպառ պաշարով, ճարտար լեզուով, հետաքրքրական եւ համակրելի պատումներով կը հրապուրէ ու կը ներգրաէ իր խօսակիցը:
Հոգածու, կարեկից, գթասիրտ, կարօտեալին եւ տարեցին ինքնա-
կամօրէն օգնութեան փութացող իրաւ մարդասէրն է ան, միանգամայն սեփական դիրքն ու տիտղոսները մոռնալով,ամենահամեստ մարդիկն անգամ յարգող եւ պատուող խոնարհ ու ժողովրդային ղէմքը: Ամէն խնդրանքի ընղառաջող, ոչ ոքի չմերժող, բարոյական եւ նխթական որեւէ օժանղակութեան պատրաստ եւ յատկապէս նորահասակ կամ նորընծայ խոստմնայից գրչի սպասաւորներր անկեղծօրէն քաջա- լերող, տեայբար անոնց թեւ թիկունք կանգնող ինքնամոո եւ անշա- հախնդիր հայ մտքի մշակն ու խնկարկուն հանդիսացաւ ան:
Կեանքին ամրօրէն փարած, համակ լաւատեսութևամբ զինուած
գործնապաշտ ու գուարթախոհ բժիշկը մնաց, միշտ երկրպագու հիասքանչ եւ առինքնող հայ լեգուին, հմայուեցաւ անոր մոգական գեղեցկութեամբ, հաւատաց անոր անընկճեփ հզօրութեան դաոնալով ջատագով փառապանծ հայ մշակոյթի յաւերժութեան ու յաղթանակին: Աւելին, ան տեւաբար ոգեւորաեցաւ հայութեամբ, ապրեցաւ եւ շնչեց հայրենիքով ու ղարձաւ աննկուն սպասարկու Հայ Դատին:
Իր ծննդեան 75 եւ գրական ու ազգային ֊հասարակական գոր- ծունէաթեան 55 ամեակներուն բարեպատեհ առիթներով, մեծ բերկ- րութեամբ ու անպարագիծ գոհունակութևամբ ջերմապէս կը շնորհաարենք բժիշկ Դոկտ Թորոս Թորանևանր, ի սրտէ մարթելով անոր արևւշա- տութիւն, քաջառողջութիւն, մշտանորոգ կորով եւ յարաճան նաաճումներ հանրային ծառայուրևան նաիրական բնագւտառէն ներս:
Արղարեւ մարդը զոր ճանչցանք բեմերէն իր հաճեփ եւ դխրահաղորդ ոճով մատուցուած տիրական ու կուռ բանախօսութխններու ունկնդրու-
12