Էջ:Armenian classical poetry vol 1.djvu/19

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Տեսէ՛ք, այն ո՞րն է։
— Ծաղկեցաւ ծառըս կենաց՝
Էն թագաւորն է.
Բազմեցաւ խէչն ի գըլխուն՝
Էն իւր պըսակն է։
— Այն խընձոր, գըլխախընձոր,
Տեսէ՛ք, այն ո՞րն է.
Այն խընձոր, գըլվագըլոր,
Տեսէ՛ք, այն ո՞րն է։
— Այն խընձոր, գըլխախընձոր՝
Թագւորահայրն է.
Այն խընձոր գըլվագըլոր՝
Այն ազափներն է։
— Այն խընձոր աջ աթոռին,
Տեսէ՛ք, այն ո՞րն է.
Այն խընձոր ձախ աթոոին,
Տեսէք, այն ո՞րն է։
— Այն խընձոր աջ աթոռին՝
Այն խաչեղբայրն է.
Այն խընձոր ձախ աթոռին՝
էն թագուհին է։
— Այն չոբան, բարձրաչոբան
Եւ աննըման էր.
Հըրեղէն թուրն ի ձեռին,
Ի՜նչ աննըման էր։
— Այն չոբան, բարձրաչոբան՝
Այն հարսնեղբայրն էր.
Հըրեղեն թուրն ի ձեռին՝
Այն խաչեղբայրն էր։
— Այն երկինք, որ ամպ ու պարզ
Եւ աննըման էր.
Երկու հաւք, որ տետետափ,
Ի՜նչ աննըման էր։
— Այն երկինք, որ ամպ ու պարզ՝
Այն խընամիք էր.
Երկու հաւք, որ տետետափ՝
Խնամոց խօսքերն էր։