Jump to content

Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/16

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

Վազգէն Շուշանեան
նաւանդ յետմիջօրէն։ Մարգերուն մէջ կ՝երկենայինք, ու դալարիքին բարակ թելերը կը շօշափէիե մեր մորթը։ Քաղաքէն շէն խումրեը կրեային անտառ, յետոյ խոնջ կը տեղաւորուէին ջրին եզերքը։ Յանկարծ անկիւնէ մը կը հնչէր աղջկան մը անուշ ձայնը, ու երկիրը զուարթութեամբ կը ժպտէր։ Գրկուած զոյգեր կը սահէին, ու ստուերն ու ոսկի ճառագայթները կը պաըուրէին զանոնք։ Աղջկան մը մարմնին էն չնչին տեղափոխութիւնը կը բաւէր ցնցելու համար արիւնս։ Խորին խաղաղութեամբ մը սակսւյն դէմքս կը դարձնէի արեւին ու կը խմէի օրուան տաք հեղուկը։ Յաճախ երկրին հետ հաշտ էր հոգիս։
Այժմ խուճապահար եմ սրտով։ Փողոցներէն կանցնիմ ողբալով ինչ որ կորուսեալ է, ինչ որ այլեւս անհնար պիտի ըլլայ վերագտնել։ Այժմ վէրքս ներքին է, ու յուսահատութիւնս՝ խորունկ։ Գուցէ ես ինձմէ է, որ խորապէս հիասթափած եմ։ Ինչ որ հոգիս կը հայցէ, գաընանային ու գլգլան ջրերն են, որ ուրախ ալիքներով կ՝ոռոգէին իր պարտէզները։ Կը թուի, թէ ողբալի օր էն ծեր եմ այլեւս, քանի որ ոչինչ մաքուր ու ոչինչ աներկրայելիօրէն ջինջ է կեանքիս մէջ, քանի որ պաղպաջուն ջրի թել մը իսկ չի բխիր հոգւոյս ակունքներէն։

* * *

Յիշատակիս խորը ով գիտէ քանփ տարիներ Աննան ամառնային գիշերով պիտի բարձրանայ Սէն Միշէլի ծառուղին։ Վայրկեան մը կանգ պիտի առնէ ու համաձայն իր սովորութեան՝ պիտի հակի քիչ մը՝ ցուցափեղկ մը դիտելու համար։ Ո'վ գիտէ քան՜ի տարիներ Աննան գիշերով իր խռովքը պիտի պտտցնէ քաղաքին մէջ։ Ո՛վ գիտէ որքա՜ն յաճախ պիտի երեւակայեմ զայն, իր ազատ ու արձակ մարմնին պատճառաւ, գերմանական համալսարանի մը ներքին բակին մէջ։ Բազմաթիւ տղաք օրն ի բուն պիտի մօտենան իրեն՝ հայցելու համար արուին դառն հացը, որ աղջկան մը սէրն է։ Կուզէի գերմանական գարունի մը ընթացքին տեսնել զինքը լուրջ քաղաքի մը փողոցներուն մէջ՝ կաշիէ պայուսակը թեւին տակ։ Հանդարտութեամբ կը մօտենայի իրեն՝ անակնկալի բերելու համար հռենոսեան երգի մը ծնիլը իր մսեղ ու կարմիր շրթանցը վրայ։
—Հա՜,— ըսաւ Վանի՝ ուսերը քիչ մը աւելի կքելով ու իր ծաւի եւ պայծառ աչքերովը դիտելով զիս,— դուն ես, բաւական սպասեցինք դուռը Աննային հետ, բայց մէջտեղ չելար...
Տրտում ձայնով մը մեզ ներկայացուց իրարու ու լռեց՝ ձգելով, որ առանց օգնութեան ճանչնանք իրար։ Առնուազն քառորդ ժամ սակայն լռութեամբ քալեցինք՝ մերթ քաղաքին գիշերը դիտելով ու մերթ խուզարկելով իրար։ Ու յանկարծ սկսանք վիճել գերման ընկերվարականներու կրած պարտութեան շուրջ կրքովմը, որ անտեղի էր, յամառութեամբ մը, որուն դրդապատճառը գուցէ հարկ էր այլուր փնտռել։ Վայեան-Քութիւրիէ երեկոյեան իր ճառին մէջ գերման ընկերվարականներու վրայ յարձակած ժամանակ բարձրաձայն ընդմիջած էի զինքը ու ըսած, թէ ողջ գերման բանուորութիւնը յանցաւոր էր իր միութիւնը իրականացուցած չըլլալուն համար, ու այս ժամուն լոկ հին հաշիւներու արագ հաշուեյարդարն էր, որ կրնար միջազգային կացութեան մէջ բարուոքում մտցնել։
— Միութիւն որուն հետ,— կ՞ըսէր Աննա՝ կռթնած Լիւքսէնպուրկի պարտէզին ցանկապատին,— Հիլֆըրտինկի հետ, որ ելմտական նախարարի աթոռին վրայ կը քնանար, Պրայթշայսփ հետ, որ իր անձն ու ճառերը կը խնամէր ի պատիւ քաղքենի տիկիններու, Լէօպէի հետ, որ Հիթլերի կրունկը կը լզէ։ Դեռ չխօսինք Լեյբարներու մասին։ Կասկածէ դուրս է, որ ամէն ինչ կը բաժնէր մեզ այս մարդոցմէն։ Ցաւալին այն էր, որ գերման բանուորութեան մեծամասնութիւնը կը հետեւէը այս մարդոց՝ այս Պօնզերուն...
350