Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/17

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ
«Դառն հացը»

Վանի գլանիկ մը վառեց, ձեռքհրը խրեց գրպաեեերը, անորոշ հայեացքով մը դիտեց երկուքս ու մեղմօրէն ժպտեցաւ։ Այն տպաւորութիւնը կրեցի, թէ կը սիրէր Աննայի խանդավառ յուսահատութիւնը՝ առանց զայն մտիկ ընելու։ Կը սիրէր անոր ձայնին տենդահար ալեկոծութիւնը։
— Այդ շեշտով կարելի է ժամերով վիճիլ՝ առանց եզրակացութեան մը յանգելու,— պատասխանեցի հանդարտօրէն։— Հիմնակսւն չարիքը ոչ թէ կարգ մը անհատներու գործունէութեան մէջ էր, այլ բանուորական պառակտումին։ Միութիւնը ես ու դուք չէ, որ պիտի իրականացնէինք, այլ կազմակերպուած բանուորութիւնը, որուն ծոցէն բնականօրէն պիտի ծնէին իր իրական առաջնորդները։ Աղէտին պատասխանատուութիւնը հոս է եւ հոն։ Գերման բանուորութեան երկու գլխաւոր կուսակցութիւները զինադադարէն գոնէ երեք տարի յետոյ պարտաւոր էին ըմբռնել, թէ չպիւոի յաջողէին բոլորովին ասպարէզէն քշել իբար, ու հետեւաբար զգալ, թէ բաժնուած ուժերով պայքարի մտնելը պաբտութիւնը նախօրօք ընդունիլ ըսել էր։
Անհանգստութենէև անընդհատ ոտքերը կը տեղափոխէր։ Կը զգայի, որ կ՚ուզէր ընդմիջել զիս, բայց կը զսպէր ինքզինքը։ Բազուկները կռնակէն անցուց ցանկապատին, ու կուրծքերը պայթելու աստիճան ուռեցան։ Բարակ շապիկին տակէն կը զգայի անոնց զուարթ գեղեցկութիւնը, ու վիճելու ախորժակս կը գրգռուէր։ Կը սիրէի մանաւանդ իր վարի շրթունքին զայրացկոտ ծամածռութիւնը, որով կը յայտնէր իր՝ զգացական աղջկան դժզոհութիւևը։ Սրամտութիւնը աւելի գեղեցիկ կ՚ընծայէր իր ջինջ դէմքը։
— Մտիկ ըրէք,— ըսաւ իր պայծառ դէմքը բարձրացնելով,— անշուշտ վէճի ժամը չէ այլեւս, քանի որ հիթլերական բանտերու մէջ կեանքը բռնադատեց մեզի չարաշուք եղբայրութիւն մը, բայց իրողութիւնը հետեւեալն է. ոչ կազմակերպական, ոչ ալ գործի միութիւնը կարելի է առանց գաղափարական համաձայնութեան։ Մեր եւ իրենց միջեւ միակ հասարակաց կէտ մը կար՝ թշնամութիւնը կայսերապաշտ Գեբմանիոյ դէմ, մէկ միութեան գիծը՝ մեր կազմակերպութեանց ընկերային խարիսխը։ Թէեւ այս ըսածներս անգամ տարակուսելի են։ Սխալ է կարծել, թէ նպատակի նոյնութիւն կրնար գոյութիւն ունենալ մեր եւ իրենց միջեւ։ Տարիներէ ի վեր արդէն մեզի հետեւող շարքերը կը ցանկային խորհուրդներու հաստատումը, մինչդեռ ձեր ընկերները կը պաշտպանէին գոյութիւն ունեցող խորհրդարանային քաղքենի կարգերը։ Մենք համաձայն էինք նոյնիսկ բռնութեամբ իշխանութեան գլուխ գալու՝ յեղափոխելու համար Գերմանիան, մինչդեռ միւսները իշխանութեան տէր էին՝ յաճախ մեզ զսպելու համար։ Փրուսիոյ մէջ մեր քարոզչութիւնն ու պայքարը կը հանդիպէին օրինական իշխանութեան ընդդիմութեան, ու այդ իշխանութիւնը իրը թէ ընկերվարական էր։ Քանի մեր շարքերը կը խտանային, մեր կուսակցութեան կազմակերպական մեքենան քանի կը զօրանար, այնքան մեր յաղթանակի յոյսը ուժգին կը դառնար, մինչդեռ ընկերվարականները հետզհետէ կը հեռանային իրենց վարդապետութեևէն։
Վանի նրբօրէն ժպտեցաւ ու ընդմիջեց զայն.
— Բազմաթիւ երկիրներու մէջ երկու կուսակցութեանց շարքերը յաճախ նոյն դասակարզային դիմագծութիւնը չունին։ Քաղքենիութեան ու մանր քաղքենիութեան մերձբանուորական խաւեր կան, որ գրեթէ զուրկ են յեղափոխական ձգտումևերէ։ Համատարած գործազրկութիւնը փաստօրէն միջազգային բանուորութիւնը ճեղքած է երկուքի անոնք, որ կ՚աշխատին, ու անոնք, որ աշխատանք չունին։ Այս երկու տարբեր զանգուածներուն համար պայքարի նշանակէտերը բոլորովին տարբեր էին։ Դունուրեք մարդ կրնար հանդիպիլ նոյնիսկ փոխադարձ խուլ թշնամութեաև։ Էն ողբերգականը բանուորութեան ներքին շերտաւորման շեշտուիլև է։ Այդ շերտաւորումէն է, որ կ՚օգտուի քաղքենիութիւնը։ Աննայի ըսածները բացայայտ ճշմարտութիւն են, բայց խնդիրը աւե-

351