Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/19

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ
«Դառն հացը»

— Ընկերվարական քիչ մը ճապաղ ու սովորական սրախօսութիւն մըն է,— ընդմիջեց Վանի։— Վարկաբեկելու համար իրենց ղեկավարներուն դէմ մեր մղած պայքարը՝ կ՚ըսեն, թէ Մարքսի ուսուցման հակառակ կը շարժինք՝ ժխտելով իր կռուի նշանաբանն իսկ՝ ընչազուրկներ բոլոր երկիրներու, միացաք։ Կը պնդեն, թէ զայն փոխարինած ենք ուրիշով մը՝ ընչազուրկներ բոլոր երկիրներու, ջախջսւխեցէք ընկերվարականները։ Կամաւոր շփոթութիւնը բացայայտ է։ Նախ՝ նոյնացնել իրենց արատաւոր ղեկավարութիւնը Երկրորդ Միջազգայինին հաւատարիմ մնացած զանգուածներուն հետ, որպէսզի մեր քաղաքական արդար բանակռիւը հակաբանուորական բնոյթ ստանայ, ու յետոյ այդ հիման վրայ իսկ ձախողեցնել յեղափոխական գետնի վրայ միութիւնը։
Ասուպ մը ինկաւ տանիքի մը վրայ։ Խումբ մը ուսանողներ աղմուկով անցան՝ գրկած իրենց աժան աղջիկները։ Ոստիկան մը ճօճելէն անցաւ դիմացի մայթը։
— Բացարձակապէս գարշելի է,— պնդեց Աննա խուլ ձայնով մը,— քանի որ երբեք պայքար չենք մղած ընկերվարական շարքերու դէմ, ընդհակառակը, մեր կոկորդները պատռած ենք՝ շեշտելով դասակարգային գետնի վրայ, դասակարգային պայքարի հիման վրայ միութեան ու դրամատիրութեան ղէմ ճակատ յարդարելու անհրաժեշտութիւնը։ Ծեր, անկարող ու վերջին պատերազմի ընթացքին թշնամիին կողմը անցած պետերու դէմ մեր մղած կռիւը կը կարծեմ, որ ամէն կերպով արդարանալի էր։ Ի վերջոյ պատմութիւնը անգամ յոգնած է վանտերվելտներէ, Նորին Վեհափառութեանց ծառայութեան մէջ եղող մաքտոնալտներէ, որ...
Խօսքը կիսատ թողուց ու նայեցաւ Վանիի։ Կարծես կը զգուշանար հասարակ տեղիք մը կրկնելէ։ Լռութեամբ կը քերէինք ծառուղին, ու գիշերային հովը մեր երեսները կը պագնէր։ Խորունկ, անյատակ էր գիշերը, տուները խաղաղութեամբ մակաղած էին կարծես անեզր դաշտագետնի մը վրայ։ Դրական ի՞նչ օգուտ ունէր այս վէճը, երբ կեանքը ստիպողաբար մեզ կը մղէր ինքնապաշտպանութեան ու համերաշխութեան։ Երեք տարբեր երկիրներէ, երեք տարբեր պատմութիւններով ինկած Փարիզի սալայատակներուն վրայ՝ մեր բարոյական ապաւէնը յեղափոխութիւնն էր, ու մեր վիշտը՝ մարդկային բազմութիւններու եղկելի թշուառութիւնը։ Ի՞նչ ունէինք պաշտպանելիք, եթէ ոչ մեր մակընթաց երիտասարդութիւնը։ Ամէն ինչ կը փչէր մեր շուրջը, ու քանի երկիրը կը դառնար անապահով ու դաժան բարձրացող սերունդին համար, այնքան դրամատիրութիւնը իր մագիլները աւելի խորունկ կը մխէր մեր մսերուն մէջ։ Այլեւս ինչ որ կրնայինք վտանգի տակ դնել, մեր կեանքն էր, ու այղ կեանքը քանի մը տարիներէ ի վեր զրկանք էր ու նուաստութիւն, վհատեցուցիչ կռիւ էր բեկոր մը հացի համար։
— Երբեմն,— ըսաւ Աննա՝ խզելով լռութիւնը,— տարակոյսը կը սպրդի հոգւոյս խորը։ Տաժանելիօրէն ապերախտ է աշխատիլ մարդկային տարերքին վրայ, որ աներեւակայելիօրէն յարաշարժ է, յարափոփոխ։ Ի՜նչ զրկանքներ ու ի՜նչ զոհողութիւններ, խանդավառութեամբ ընծայ բերուած որքան ճիգ ու որքան մահ՝ յանգելու համար ինչի՞։ Հսկայ գերման ժողովրդին վրայ իր աղտոտ թաթը դրած է կանացի անգթութեամբ փտած ջղագար մը՝ շրջապատուած թմբիրամոլներէ, միասեռականներէ ու ապասերածներէ։ Կարծես ստրկութիւնն ու նուաստ հպատակութիւնը մաս կը կազմեն մարդկային բնութեան։ Առողջ ժողովուրդ մը կարելի բան է, որ ընղունի նման անկում մը։ Այսուհանդերձ արդարութիւնն ու տրամաբանութիւնը մեզի հետ են։ Կարելի չէ, որ չյաղթենք, եթէ յաղթելու անդրդուելի կամքը ունենանք։
Ռօթօնտի դարպասը նստանք ու լռեցինք։ Երեկոյեան խանդավառութիւնն ու աղմուկը անշուշտ յոգնեցուցած էին մեզ։ Ոչինչ աւելի քաղցր կը թուէր, քան խաղաղութիւնը նստած հաճելի աղջկան մը քով ամրան աղուոր գիշերով։ Գիշերը այնքան քաղցր էր, որ մեր սենեակները վերադառնալը երիտասարդութեան ղէմ մեղք մը կը թուէր։

353