Jump to content

Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/21

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ
«Դառն հացը»

ղանին վրայ ու ի՞նչ գիրք։ Ի՞նչով պիտի օրօրէր երիտասարդ աղջկան իր տաժանելի առանձնութիւնը օտար քաղաքի մը գիշերուան խորունկը։ Գուցէ գլուխը ափերուն մէջ պիտի որոնէր իր կորուսեալ մանկութիւնը, իր երկիրը, որուն ուժեղ ու կամակոր դէմքը խեղաթիւրուած էր։ Պարզութեամբ գլանիկ մը երկարեցի իրեն։ Մատներուն մէջ դարձուց զայն ու նայեցաւ աչքերուս։
— Խիստ են,— ըսաւ հազիւ լսելի ձայնով մը,— դեռ մերինները կը ծխեմ, թէեւ սուղ են։ երբ մինակ ըլլամ...
Ամչնալով պնդեցի՝ դիտելով բերանը, երկարօրէն դիտելով իր վարի շրթունքը, ու յանկարծ խորունկ ցաւ մը զգացի՝ մտածելով, թէ սիրոյ բառեր ծլած էին անոր վրայ քանի մը ուրիշներու համար։ Այդ մսեղ ու գիրգ շրթունքը գուցէ կրքով համբուրած էր ուրիշ շրթունքներ՝ հծծելով բառեր, որ մարմնին խորունկներէն կուգան, որ կը գլեն կ՚սւնցնին վայրկեանը։
Ուրիշ մը անտարակոյս պիտի ջանար օգտուիլ գիշերուան մեղսակցութենէն՝ քիչ մը աւելի մտերմութիւն շահելու համար։ Համարձակութիւնն էր, որ կը պակսէր, թերեւս ոչ։ Թերեւս ըրածս հաշիւ էր լոկ։ Է'ն ազատ բարքերով աղջիկն իսկ կարօտ է քիչ մը յարգանքի, քիչ մը համբերութեան։ Արդարեւ, միշտ առանց աճապարանքի է, որ ուզածս ստացած եմ, քանի որ գեղեցիկ ու հարուստ մէկը չեմ։ Ի՞նչ ունիմ հաճելի՝ բացի հաւատարմութենէս, որ սիրոյ առաջին բռնկումէն յետոյ ձանձրալի կը դառնայ, ու խորունկ գորովէ մը, որ չեմ վարանիր շռայլել առաջին հանդիպած սիրուն աղջկան, քանի որ ողջ մարդկութիւնն է իր առարկան, քանի որ իր երկարատեւ զսպումը կը տառապեցնէ զիս։
Հեռուն երկինքը սկսած էր ցոլալ, երբ վերստին բարձրացանք ծառուղին։ Լատինական թաղի նոյն հմայական գիշերն է, կ՚ըսէի, օղին մէջ նոյն թունաւոր քաղցրութեամբ։ Նոյն գիշերաշրջիկներն են, կ՚ըսէի, գիշերուան նոյն ախտագին սիրով։ Շուտով թող վերադարձի ժամը գայ, ու գաւառական մեռեալ քաղաքը թող վերստին թաղէ զիս, վասնզի այս մեղմաթաւալ գիշերը կը մոգէ զիս, ու մարմիևս կը վերադառնայ իր հին յազումներուն ու տկարութեանց։
Պանդոկի դրան առջեւ ձգեցի զինքը ու գացի կայարան՝ սպասելու համար առաւօտեան առաջին շոգեկառքին։ Ու յանկարծ բոլոր հոգերս վերադարձան ինձ։ Նախորդ առաւօտեան մարդը եղայ վերստին, որ առանց մտահոգութեան անկարող է դիմաւորել ծագող օրը, մէկը, որ կը վախնայ իր յապաղող երիտասարղութենէն ու ծերութենէն, որ կը նշմարուի հեռուն։

IV

Նամակս ձգեցի տուփը ու երկմիտ՝ վայրկեան մը կեցայ ծառի մը քով։
— 0՜,— բացականչեց աղջիկը,— պարզապէս անտանելի ես։ Ծանօթ մը բարեւելու իրաւունքն ալ չունիմ երեւի։
Ծառուղիին եզերքը կեցած էին սիրոյ յատկացուած աղջիկ մը ու իր տղան, որ թուխ էր ու հասակագեղ։ Խստութեամբ կը նայէր ընկերուհիին ու ջղաձգօրէն ծխափողին հետ կը խաղար։
— Ո՞վ էր,— ըսաւ խեղդուկ, ոխակալ ձայնով մը։
Աճապարանքով հեռացայ՝ մտովի վերակազմելով միջադէպը։ Ո՞վ էր, կ՚ըսէր տղան։ Պարզապէս ուրիշ մը, պարզապէս հաւանական երրորղ անձ մը։ Թերթերս դրի անութիս տակ ու խոշորաքայլ շարունակեցի ճամբաս։ Ամենուրեք նոյն ողբերգութիւնն է, կ՚ըսէի, նոյն խուլ ու տաժանելի երկիւղը։ Վտանգին սկիզբը սիրոյ առաջին ծիլն է։ Գորովդ մուրհակ մը ու զէնք մըն է այն էակին ափին մէջ, որ տակաւին չի սիրեր քեզ, որ այլեւս չի սիրեր քեզ։ Շաբաթներով, երբեմն ամիսներով կը ճգնիս անջատել զայն բոլոր միւս–

355