Jump to content

Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/27

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է
«Դառն հացը»

թիւնը գործածելու եղանակին մէջ։ Ի՞նչ ըրիր քեզի վստահուած անզուգական հարստութիւնը,— ահա ինչ որ արեւամուտին էութեանս մէկ մասը պիտի հարցնէ միւսին։
Անգամ մը Աննան կ՚ըսէր ինձ, թէ յեղափոխութեան գլխաւոր յառաջադրութիւններէն մէկն ալ մարդկային անհատականութեան ծայրայեղ կոտորակումին դէմ մղուած պայքարը պէտք է ըլլայ։ Ինչ որ խորապէս կը սիրէի Աննային մօտ, արդի մարդուն տառապանքն էր ու այդ մնայուն տուայտանքին կից՝ յեղափոխական ճիգը, որով կը ջանար ազատիլ իր ներքին մթութենէն։ Բազմաթիւ բեկորներու բաժնուած մարդը անընդհատ վիրաւոր է բազմաթիւ կէտերէ։ Ինչ որ կը պակսի մեզմէ շատերուն, ներքին միութիւնն է, կորուսեալ ամբողջութիւնը։ Նոյն մարմնէն ներս պարտագիր համակեցութիւնը սանուազն երկու տարբեր մարդոց, կանգնած երկու հակըննդէմ եզերքներու վրայ, յաճախ կը ջլատէ մեզ։
Ասիկա կռիւ մըն է, որմէ ոչ ոք լիովին յաղթական կրնայ դուրս գալ։ Վասնզի ոչ ոք ուժգնութեամբ կրնայ յառաջանալ կեանքի դերբուկ ճամբանեբէն իր անհատականութեան մէկ մասովը, երբ միւսը կը յամառի անտեղիտալի ընդդիմութիւն մը փորձել։
Երբ գիշերուան խորը կառախումբը կանգ առաւ՝ շտկելով մէջքը ու պրկուելով, ընդոստ արթնցայ մտքի անձկութենէս ու ցատքեցի վար։ Արուարձանը կը պատրաստուէր անկողին մտնել։ Մարդ մը դանդաչելէն կը յառաջանար առջեւէս, ու իր վրայ կեանքը եղկելի էր՝ առանց առինքնող գեղեցկութեան, առանց ներքին հուրի ու վայելչութեան։

* * *

Յաջորդ օրը տրամադրութիւնս աւելի քան գէշ էը։ Առաջին գլանիկին հետ առաջին հազը թակուեցաւ կուրծքէս՝ սարսելով ողջ մարմինս։ Ծուլօրէն իջայ քաղաք, ու քաղաքը եւս թուեցաւ, թէ գէշ արթնցած էր։ Մառախլապատ Կիրակի առաւօտ մըն էր։ Մթին ամպեր կը տատանէին երկրի վրայ։ Աղջիկներուն աչքերուն խորը յառաջիկայ անձրեւին խոնաւ անձկութիւնը կար։
Գրեթէ կը զղջայի քաղաք իջնելուս համար՝ մտածելով յարաճուն կարօտով մը անգլիերէն վէպի մը, որ տունը ձգած էի։ Կրնայի պարտէզը նստիլ՝ հովանոցին տակ, ու դանդաղ վայելքով մը ընթերցումս շարունակել՝ մերթ ընդ մերթ յիշելով կեանքիս քաղցր առաւօտները։ Կրնայի բազմոցի մը վրայ երկննալ՝ ըմբոշխնելու համար հաճոյք մը, որ կեանքը յաճախ չի պարգեւեր մեզի՝ լիովին ինձ պատկանող օրուան մը անդորրութիւնը։ Կրնայի նստիլ դալարիքին եզերքը, խիճերուն վրայ ու դիտել բոյսերը, որ անձրեւը կը հայցէին, արեւածաղիկներուն խոշոր ու դեղին պսակները, ուր կը լողար արեւոտ օրերուն առտուան խարտեաշ լոյսը, դիտել անձրեւը, որ անտարակոյս մեղմօրէն պիտի թափէր քիչ յետոյ՝ թրջելով պարտէզը եւ զիս։
Կը բարձրանայի ծառուղին, ու նոյն նուրբ տառապանքը կը վերադառնար ինձ Աննայի ու Վանիի պատճառաւ։ Մեկնելէ ետք Փարիզէն գուցէ պիտի մոռնայի Աննան։ Բազմաթիւ ուրիշ աղջիկներու պէս ան թերեւս պիտի վերածուէր անորոշ յիշատակի մը, որ կը զարթնու լքումի ժամերուն ու կը լեցնէ ամայութիւնը։ Ինչ որ զիս կը տառապեցնէր, զայն ուշ կամ կանուխ Վանիի կուրծքին վրայ գիտնալու երկիւղս էր։ Մեկնելէս քանի մը օր յետոյ անտարակոյս Վանի իրաւունք պիտի ունենար ազատօրէն իր ուժեղ ձեռքին մէջ սեղմելու Աննայի նուրբ դաստակը։ Իր գինեծարաւ շրթունքներովը պիտի կարենար հպիլ անոր պարանոցին, մինչ ես այդ նոյն պահուն հակած պիտի ըլլայի ապերախտ ու մեքենական աշխատանքի մը վրայ գաւառական խոնաւ քաղաքի մը մէջ։ Բոլոր գիշերները պիտի նմանէին անցեալ տարուան անել գիշերներուն։ Խոնաւութիւնը պիտի թափանցէր երակներէս ներս, պիտի թրջէր ոսկորներս։ Ամէն առաւօտ պիտի արթննայի՝ առանց որեւէ նոր յոյսի, հին երազները պիտի թուէին ծիծաղելի ու մեռեալ։

361