Jump to content

Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/40

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

Վազգէն Շուշանեան
զայն կը գրաւէ եզերքներէն՝ հոգին ձգելով արթուն, բաբախուն, անձկալի։ Թաղեր կան, որ անհանգիստ մրափով մը կը գոհանան, ու ուրիշներ, որ գիշերն ի բուն կը հսկեն։
Կ՚ուզէի առանձին նստիլ սրճարանի մը յառաջամասը ու քաղաքին գիշերը դիտել, թող տալ, ոը հոգիս մեղմօըէն հանգստանայ։ Յայնժամ հեռաւոը յիշատակներ կը բարձրանային հոգւոյս խորէն՝ ծաղիկներու պէս, որ անզգալիօրէն կը բուսնին գիշերն ի բուն։ Առաւօտեան մարդ թրթռուն հրճուանքով մը կը դիտէ անոնց պսակները՝ օրհնելով բնութեան՝ ամէն օր նորոգուող ուժը։
Կը քալէինք համընթաց ու վարանոտ քայլերով, ու լռութիւնը մեզ կը վերադարձնէր մեր էութեան, մեր վշտերուն, մտահոգութիւններուն, որ վաղը առաւօտ կը սպասէին մեզի։ Մարդուն գլխատը հոգը իը խաղաղութիւնն է, կ՚ըսէի, մինչդեռ օրն ի բուն մեր առտնին արարքներով կը պղտորենք զայն։ Ինչ որ հոգիս կը ցանկար այդ վայրկեանին, գիշերուան անդորրութիւնն էր։ Կրնայի մինակս նստիլ անկիւն մը ու ղանղաղ հաճոյքով մը վայելել ազատութեան վեըջին գիշերներէս մէկը։ Յետոյ կ՚ելլէի դուրս՝ ձեռքերս գրպաններս, գլանիկ մը շրթունքիս, ու յամրօրէն կ՚երթայի կայարան՝ վերջին շոգեկառքը առնելու։ Մասնաբաժնին պատուհանը կը բանայի՝ դիտելու համար արուարձաններու մթին ու մետաղային դաշտանկարները։
Աննա կը քալէր քովէս, սակայն, ու անոր մարմնին իւրաքանչիւր շարժումին հետ սէրս կը զարթնուր անդարմանելի վէրքով մը։ Հպարտութիւնս կուրծքիս տակ կը մռնչէր, ու ցանկութիւնը կը սարսէր մաըմինս։ Ինչ որ զիս կը բաժնէր իրմէն, սիրոյս սաստկութիւնն էր, անյագ ծարաւս։ Ինչ որ տաժանելի էր, հոգւոյս գերութիւնն էր ու մարմնիս յանցապարտ տկարութիւնը։ Ինչու Աննան եւ ոչ Լիւսին։ Այն զուարթ կուրծքերով աղախինը, որ ձմրան վերջերը աղքատիկ մահիճս կը տաքցնէր, չէ՞ր բաւեր միթէ խաղաղեցնելու համար արեանս տենդը։ Կը բաւէր, ոը Աննա վերսկսէր խօսիլ, որպէսզի վերստին հոգիս թաւալգլոր իյնար անձկութեան ու տագնապի գիշերուան մը մէջ։ Կողմնակի ակնարկով մը կը դիտէի իր գիշերային գեղեցկութիւնը, ու ազատութիւնս մանկութեան երգի մը պէս անուշ ու անփոխարինելի կը թուէր։
Փողոցի մը անկիւնը Աննա մօտեցաւ ինձ, կարծես կ՚ուզէր թեւս մտնել։ Փորձելով չնկատել իր շարժումը՝ ձեռքս դրի գրպանս՝ յագեցնելու համար ծածուկ քինախնդրութիւն մը, որ սիրոյս ուժգնութենէն կուգար։ Զայն արհամարհելու, անուանարկելու ուժեղ փափաք մը կը ցնցէր զիս։ Կ՚ուզէի անարգական բառեր նետել երեսին՝ դիտելու համար դէմքին մռայլ նուաստութիւնը։
— Տասնեւհինգ օր մը կայ, որ քեզ չեմ տեսած,— ըսաւ նայելով աչքերուս,— ոչ ալ Վանին։ Կարծես թէ նախօրօք համաձայնած էիք՝ զիս երեսի վրայ ձգելու համար։ Ամբողջ օրը երկու լակոտներու քմահաճոյքները գոհացնելէ յետոյ մարդ գիշերը գէթ կ՛ուզէ քիչ մը օդ առնել, զգալ, ոը ինք եւս անհատականութիւն մըն է, ապրող էակ մը...
Կրնար ըլլալ միթէ, որ անգիտանար, թէ մեր երկուքին միջեւ իր երիտասարդութիւնը որոգայթ մըն էր ու խրամ մը։ Ի՞նչ կը յուսար մեզմէ։ Գուցէ խաղաղ ու անվնաս բարեկամութիւն մը, որ կը գոհանայ առերեւոյթ մտերմութեամբ, որ կը բողբոջի զսպուած կորովի ու բռնադատուած ցանկութեանց հիւանդ մթնոլորտի մը մէջ։
— Կը կարծէի, թէ դիւրաւ պիտի հաշտուիմ նոր կեանքիս հետ, բայց տաժանելի է ուրիշներու յարկին տակ ապրիլ, ուրիշներու ծառայել։ Ամէն վայրկեան կը թուի, թէ կը նուաստացնեն քեզ։ Առաջին գիշերը չկրցայ քնանալ, թէեւ սենեակս հաճելի էր՝ փայտէ սիրուն անկողին մը, փողոցին վրայ պատուհան, պատերը մէկ քանի նկարներ։ Ոտքի պատուհանին առջեւ՝ ժամերով դիտեցի ննջող քաղաքը ու յիշեցի մանկութիւնս։ Երկար ատենէ ի վեր առաջին ան գամ ըլլալով՝ սկսած եմ անքնութենէ տառապիլ։ Մտածեցի նաեւ քու վրադ։
374