«Դառն հացը» Սալայատակին եզերքը կեցաւ։ Կիսալոյսին մէջ նրբօրէն գունատ ու թափանցիկ էր դէմքը։ Դէմքս դարձուցի ու գլանիկ մը վառեցի՝ փորձելով ազատիլ իր մթին հմայքէն, իր ներխուժող խռովքէն, փորձելով չլսել անունը, որուն ծլիլը կը զգայի շրթներուն վրայ։ — Ու Վանին,— աւելցուց։ Պէտք չունէր ըսելու ատիկա, քանի որ յստակօրէն կը զգայի ընկերոջս ներկայութիւնը մեր երկուքին միջեւ։ Անտարակոյս, չէր զգար ինձ պատճառած մթին ցաւը։ Գէշ զգացումներ կը ծլէին հոգւոյս խորը ու արագութեամբ կը ծածկէին ամէն գորով։ Իրողութեան մէջ, հասարակ տուայտանք մըն էր, գռեհիկ կռիւ մը։ Վանին եւ ես կը ցանկայինք նոյն աղջիկը, կարծես թէ թանկագին իր մը ըլլար, իսկ ան մեր երկուքին միջեւ կը վարանէր՝ չկրնալով որոշել, թէ ուր է իր խաղաղութիւնը։ Վերջին հանրակառք մը աղմուկով պատռեց գիշերը, կարծես լուսաւորեց զայն։ Յետոյ քիչ մը հեռուն խուլ գոչիւնով մը կեցաւ։ Հազուադէպ անցորդներ իջան վար, ու ուրիշներ ելան վեր։ Ու վերստին գիշերը իր խոնջ գլուխը դրաւ քաղաքին քարափներուն վրայ ու փորձեց ննջել։ — Դժուարը մարդոց հետ հաշտութեամբ ապրիլն է,— ըսաւ Աննա,— բարեկամութեամբ մը, որ կը տոկայ կեանքի ելեւէջներուն։ — Բարեկամութիւներ կան, որ կը տոկան, Աննա՛... — Գուցէ, բայց աղօտացած, զեղչուած։ Ամէն երեւոյթի պէս մարդոց յարաբերութիւններն ալ որոշ շրջան մը կը բոլորեն, կարգ մը վիճակներէ կ՚անցնին ու հուսկ ապա կը վերածուին խղճալի սովորութեան մը, ձեւականութեան։ Արագ շարժումով մը մտաւ թեւս ու մարմնին հաճելի ծանրութեամբը կախուեցաւ վրաս։ Ի՞նչ ճամբայ կտրած էր իր մտածումը՝ յանգելու համար այդ դառն խորհրդածութեան։ Եզրակացութիւնը չէր, որ կը շահագրգռէր զիս, այլ այն տարրերը, որոնց վրայ կը յենուր՝ դատելու համար զիս ու Վանին։ — Կարծեմ վերջին շոգեկառքդ փախցուցիր։ Ստիպուած պիտի մնաս հետս։ Կը յուսամ, որ չես զղջար տուն վերադարձած չըլլալուդ համար... — Անտարակոյս ոչ,— ըսի մեղմօրէն,— մանաւանդ որ քանի մը օրէն պիտի մեկնիմ ու հաւանաբար երկար ատեն չկրնամ վերստին տեսնել քեզ։ Հեգնութեամբ նայեցայ աչքերուն։ — Ու Վանին,— աւելցուցի ժպտուն։ Լուռ մեղադրանքով մը դիտեց զիս, ու առաջին անգամ ըլլալով՝ կարմիր ու մսեղ շրթունքներուն վրայ նշմարեցի ցաւագին ժպիտ մը։ Նոյն տրտում ժպիտը բիբերուն խորը կը նմանէր արցունքի պուտերու։ — Մինչեւ ե՞րբ պիտի մնանք, ինչ որ եղած ենք դարերէ ի վեր՝ սիրոյ ու հաճոյքի սահմանուած էակներ։ Շուտով եօթը տարի է, որ շուրջս կը զգամ արուներու նոյն անողոք ու անյագուրդ ախորժակը։ Սկիզբը, երբ ալեկոծ մարմնով պատանուհի մըն էի, քիչ մը հաճոյք կը պատճառէր ատիկա։ Բայց այժմ սկսած եմ պժգանք զգալ։ Տարիներէ ի վեր մարդոց շուայտ ու աղտեղի ցանկութեան դէմ, որ ամենուրեք կը պլլուի ինձ, նո՛յն կռիւն է, նո՛յն յուսահատական մաքառումը։ Ու ցաւագին այն է, որ ինչ քաղաքական դաւանանքի ալ պատկանին, կնոջ հանդէպ իրենց անհատական վերաբերումը կը մնայ նոյնը... Պատասխանը շրթներուս վրայ էր, բայց զսպեցի ինքզինքս։ Անցնելով Ծերակոյտի շէնքին առջեւէն՝ կ՚եզերէինք ևիւքսէնպուրկի պարտէզը։ Լռին ստուերներ կը սահէին մեր առջեւէն։ Ներսը՝ ցանկորմերէն անգին, մթին ու խորունկ ծառեր թեթեւօրէն կը
Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/41
Արտաքին տեսք