Jump to content

Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/45

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ
«Դառն հացը»

— Ուրիշ աղջիկներ չեմ գիտեր ինչպէ՞ս կը հաշտուիե, ի վերջոյ, իրենց երիտասարդութեան արկածներուն հետ։ Հոգւոյս խորը ոչ մէկ խղճի խայթ մնացած է այդ օրերէն, ու ինչ սոփեստութեան ալ որ դիմեմ, չեմ յաջողիր այժմու կեանքս աւելի բարոյական համարել, քան միւսը։ Պարզապէս տարբեր եմ այսօր։ Այժմ բացարձակապէս կը նեղուիմ, երբ մէկը նրբանցքի մը մէջ կը ջանայ հասակս գրկել, երբ փողոցը արուի մը ցանկութիւնը կը զգամ վրաս։ Մինչդեռ առաջ կ՚ախորժէի պզտիկ յարձակումներէն, յանդգնութիւններէն ու իմ ընդդիմութիւներէս։ Երբեմն նոյնիսկ գիտակցաբար կը գրգռէի զիս շրջապատողներուն ցանկութիւնը՝ իգութեամբ մը, որ կը զայրացնէր զանոնք։
Գիշերը կարծես կը լուսնար դուրսը։ Կաթնավաճառի կառք մը դանդաղօրէն կը յառաջանար։ Օրը ծագելու վրայ էր։
— Կը զգամ, որ չես արհամարհեր զիս,— յարեց խորին քաղցրութեամբ մը։
Ջերմօրէն սեղմեցի ձեռքը։ Յետոյ լռեցինք։

* * *

Ու միայն բաժնուելէ յետոյ է, որ սկսայ նուրբ ցաւով մը տառապիլ։ Մարմինս խուլ ու բուռն ցանկութեամբ մը կը զգար Աննայի ծլարձակ ու հարուստ գեղեցկութիւնը ու իր յետին բջիջներովը կը տոչորէր։ Կը զղջայի կորսուած պատեհութեան համաը՝ ապշելով, թէ ինչպէս կրցած էի հեռանալ՝ ձեռքերս գրպաններս ու գլանիկ մը շրթունքիս։ Ուժգնօրէն սեղմած էր ձեռքս ու հեռացած՝ մեղմօրէն շարժելով իր մոգիչ մարմինը։ Չեմ գիտեր ինչու, մեկնելէ առաջ շնորհակալութիւն էր յայտնած ու չեմ գիտեր ինչ առնչութեամբ, յիշած էր Վանիի անունը։ Առաջինը, երկրորդը, ու այսպէս յաջորդաբար, կ՚ըսէր, ընկեր տղաք։
Շոգեկառքը ծանրօրէն կը յառաջանար։ Կոպերուս վրայ կը զգայի առաւօտեան լոյսը ու կ՚ըսէի. «Առաջինը, երկրորդը, ու այսպէս յաջորդաբար»։ Ու Աննան հաճոյքով ընդունած էր զանոնք։

VII

Ոչինչ աւելի կը ծերացնէ մեզ, քան աղքատութիւնն ու պանդխտութիւնը։ Մարդուն՝ մթին դարերու ընթացքին ըլած է՛ն կարեւոր նուաճումներէն մէկը ազատութիւնը չէ՞ միթէ։ Արդ, այս իրաւակարգին մէջ աղքատն ու պանդուխտը երկու շղթայեալներ են՝ զեղչուած անհատականութեամբ։ Արմատախիլ այն երկրէն, ուր ծնած են, զրկուած ու հպատակութեան մէջ, ուր որ կ՚ապրին, կրնան միթէ երկարօրէն պահել մարդ էակին յատուկ բարձրագոյն արժանաւորութիւնը։
Անկողնիս մէջ ջղայնութեամբ կը դառնայի մէկ կողմէն միւսը՝ զայրանալով, որ այգուն առաջին լոյսին հետ, մարմինս կ՚արթննայ նման բարոյալքիչ խորհրդածութիւններով։ Աշնան արեւը գաղջ ու հաճելի էր սակայն սենեակին մէջ։ Ճառագայթ մը կը խաղաը բարձիս վրայ, եւ ուրիշ մը՝ աթոռին վրայ, ուր բաց մնացած էր ֆրանսական զուարթ վէպ մը։ Մինչեւ ուշ առաւօտ շարունակած էի ընթերցումս՝ յուսալով քիչ մը թեթեւնալ, բայց վէրքս ներքին էր։ Գիշերուան ընթերցումէս աղօտ յիշատակ մը իսկ չէր յապաղած մարմնիս մէջ։ Ու վերստին կը ղիմաւորէի օըը ծեր բանուորի մը պէս, որ մառախուղին մէջէն կայարան կ՚երթայ՝ լծուելու համար իր տարապարեակ[1] աշխատանքին։
Այսուհանդերձ ելայ ոտքի՝ փորձելով սուլել կորուսեալ ու քաղցր երգ մը, որ մեր գիւղաքաղաքին նախրապանները կը սուլէին աղբիւըին գլուխը։ Շրթունքներս, սակայն,

379
  1. 26 տարապարեակ —յարկի տեսակ, անձնական ձրի պարտադիր աշխատանք