Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/5

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ
«Դառն հացը»

Մեղմօրէն կը ճեղքէինք բազմութիւնը՝ երկվայբկեան մը բաժնուելով ու վերստին գտնելով իրար։ Քլիւնիի թանգարանին հնւսմեայ սլատերուն տակ կեցայ՝ չկարենալով բաժանումի աւելի յարմար եղանակ մը գտնել։ Ամբողջ կեանքիս մէջ միշտ դժուար թուած է ինձ հանդիպումն ու բաժանումը։ Վայրկեաններով կը յապաղիմ հեռանալէ առաջ՝ թոյլ տալով, որ խօսակիցս առաջին քայլը առնէ։ Ուրկէ՞ կուգայ այս վարանումը։ Մարմինս կարծես անընդհատ ապաստան կուտայ բազմաթիւ ներկայութիւններու։ Քաղաք մը, երկիր մը, տիեզերք մըն եմ։ Ուրիշը միշտ կը խզէ ներքին տրամախօսութեանս թելը։ Ներքին մթնոլորտիս ու արտաքին աշխարհին միջել կլիմայի յարատեւ փոփոխութիւն մը կայ։
— Եթէ երթալիք տեղ մը չունիս, կրնանք միասին ճաշել,— ըսաւ Աննա։
Այդ րոպէին ակնարկս ուրիշ տեղ էր, ու չկրցայ այդ բառերը արտասանած պահուն դէմքին արտայայտութիւնը քննել։ Գուցէ սկսած էը զգալ հայեացքիս ջերմութիւնը, որ օրերէ ի վեր կ՚ողողէր իր քաղցր երեսը։ Գուցէ սկսած էր տարակուսիլ, թէ Վանիի եւ իմ միջեւ իր գեղեցկութիւնը վտանգ մըն էր, թշնամութեան որոմին առաջին սեւ ծիլը։
Առանձին տուն վերադառնալ կը նշանակէր հետս անկողին տանիլ նախանձի նուրբ թոյնը։ Գիշերն ի բուն երեւակայել Վանին ու Աննան՝ կուշտ կուշտի, թատրոնի կիսախաւարին մէջ, երբ հոգեկան զեղումը քաղցը է, ու անձնատուութիւնը՝ դիւրին։ Երեւակայել անոնց վերադարձը քաղաքին լուսաւոր սալայատակներէն՝ թեւ թեւի ու բաբախուն, զգայուն մեքենաներու պէս, որ օրն ի բուն տենդահար աճապարանքով մը աշխատելէ յետոյ հանգստի առաջին ժամուն կը թրթռան մետաղային ջերմութեամբ։
Եթէ միասին ճաշէինք, կրնայի յապաղիլ, ու Վանի ստիպուած պիտի ըլլար զիս ալ թատրոն հրաւիրել։ Կեանքիս մէջ որքան յաճախ այս տեսակ անմեղ խաղերու դիմած եմ ուզածս ստանալու համար։ Ո՞վ է երրորղ անձը, ո՞վ է, որ աւելորդ մէկն է մեր միջեւ՝ ես թէ Վանին։
Ընդամէնը ամիս մը ունիմ՝ սիրել կարենալու համար Աննան։ Կը մտածեմ մեր մառախլապատ քաղաքին գիշերնհրուն վրայ։ Անկողնիս վրայ երկնցած՝ ժամերով պիտի պաղատիմ կենարար քունը։ Ու վերստին գրքերը հայրենիքս պիտի ըլլան։ Խաղաղօրէն պիտի սահիմ առասպելական մարդոց կեանքի ճամբաներէն, ու մարմինս խորունկ անձկութեամբ մը պիտի զգայ գիշերը։ Սիրելի էակ մը հոս ձգած ըլլալու տրտմութիւնը կ՚ուզեմ տանիլ հետս։
Ինչ որ կ՚ուզէի, Աննա գուցէ չէր կրնար ընծայել ինձ։ Սալայատակին եզերքը կը տնտնար՝ դիտելով անցորդները, մինչ հայեացքս կը գրկէր յանցաւոր ցանկութեամբ մը իր մարմինը։ Նեղուելով զգայարանքներուս անոպայ[1] ծարաւէն՝ ձեռքս երկարեցի ու ու զեցի հեռանալ։ Ափիս մէջ իր բարակ մատները զով էին։
— Մեզի հետ թատրոն գալ չես ուզեր,— հարցուց՝ քաշելով ձեռքը ու ազատօրէն նայելով աչքերուս։
Կրնար եկուր ըսել՝ փոխանակ չես ուզեր գալու։ Երկարօրէն նայեցայ դէմքին՝ իմանալու համար բառերուն ետին ծուարած բուն մտադրութիւնը։ Իրապէս կ՚ուզէ՞ր արդեօք, որ ընկերանայի իրենց։ Իսկ Վանի՞ն։ Պատրուակով մը խուսափեցայ՝ նախընտրելով իրմէն հեռու անցուած գիշերը ու անձկութիւնս իր ներկայութեան պատճառած ուժգին ցանկութենէն։ Ձեռքերս խրեցի գրպաններուս մէջ ու ընկղմեցայ բազմութեան խորը։ Ոչ ոք գիշերը կրնայ խլել ինձմէ, կ՚ըսէի, գիշերը պարտէզս է ու հայրենիքս։ Կը քալէի՝ ողբալով հոգւոյս կոըուսեալ խաղաղութիւնը ու յուսալով շրթանցս վրայ երգի մը ծագումը։

339
  1. 4 անոպայ — կոպիտ, բիրտ, վայրի, դաժան