Jump to content

Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/6

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

Վազզէն Շուշանեան

II

Հաճոյքին իմացումը գուցէ սկիզբն է ծերութեան։ Ապրելու տենդն ու աճապարանքը երբեմն կը մատնեն ներքին տեղատուութիւնը։
Սրճարանի մը դարպասը նստած՝ կը ջանայի կարդալ ռուս գրողի մը՝ Զամիաթինի մէկ պատմուածքը, երբ ծերութեան երկիւղը անգամ մը եւս եկաւ նստաւ քովս հին ընկերոջ մը պէս։ Բարեկամս ու թշնամիս է հիմա այդ գաղափարը։ Կը փորձեմ աոանց աճապարանքի քննել կեանքս ու ի մի համախմբել ծերութեան առաջին նշանները։ Հոգիս անձկայրեաց[1] է, ու մարմինս՝ խռով։ Հաճոյքներուս նաշիհին[2] կը խառնուի միշտ մոխրի յետին համ մը։
Երբ բոլորովին երիտասարդ էի, ընթերցումը կը նմանէր լճի մը։ Գլխիվայր կը սուզէի խորը ու շնչակտուր կ՚ելլէի միւս ափը՝ թօթուելով մարմինս։ Ամէնէն աւշառատ ու խորունկ գրքերը անոնք են, որ կարդացած եմ մէկ շունչով։ Կը յիշեմ Թոլսթոյի անմահ ու ողբերգական «Աննա Քարենինա»ն։ Կեանքը այդ էջերուն մէջ էր եւ ոչ թէ դուրսը։ Խզումը արտաքին աշխարհին եւ ներքին մթնոլորտիս միջեւ ակներեւ էը, երբ նաւաբեկեալ կը սպասէի առաւօտեան՝ ննջել կարենալու համար։ Իրանս հաճոյքէն ու ազնիւ յուզումէն կը դողար։
Անցեալ տարի վերստին կարդացի «Աննա Քարենինա»ն, ու որովայնիս խորը ծերութեան երկիւղը գէշ սողունի մը պէս խլրտեցաւ։ Հազիւ էջ մը դաըձուցած՝ նախադասութեանց առջեւ կը կենայի ու կը զգայի, որ հոգեկան ցնցումս աւելի զօրեղ է, բայց ինքնամոռացման կարողութիւնս՝ տկար։ Իւրաքանչիւր հատուած կեանքի բեկոր մըն էր, ուր զղջումը, ցաւն ու նուաստութիւնը խոնարհութեամբ կը նշուլէին։ «Աննա Քարենինա»ի քաղցր ու սրտառուչ գեղեցկութեան ետին կը նշմարէի վերջին տարիներու Թոլսթօն՝ պատկառելի ու աւետարանական ծերունին, որ ողջ երկրի անքաւելի մեղքը կը կրէր իր անձին վրայ։ Անմիտ բան մը չէ՞ր միթէ գրական արհեստաւորի մը պէս անդամազննելով, արուեստագէտին ճարտարութիւնը որոնելով կարդալ էն յուզիչ, էն մարղկային գրքերէն մէկը, որ երբեւիցէ գրուած ըլլայ։ Գրքերուն ու մարդոց դիմաց առաջին ու սրտայոյզ մանկութիւնս կը հայցեմ ու չեմ ստանար։

* * *

Ծերութեան երկիւղը ամենուրեք է։ Փորձառութեան գարշ թրթուըը ներսէն կ՚ուտէ բոլոը պտուղներուս համեղ միսը։ Իրողութեան մէջ հասուն ու վաւերացուած ճշմարտութիւնը, որ քաղաքացիութեան իրաւունք ստացած է մարդոց մէջ, լոկ հասարակ տեղիք կը դառնալ՝ կորսնցնելով իր ինքնուրոյն գեղեցկութեան հետ ներքին պայթուցիկ ուժը։ Յաղթական ճշմարտութիւնները կարծես հասարակ տարր մը կը պարունակեն իրենց մէջ։ Խոհուն ու զգաստ ծերութեան եւ մակընթաց այլ դեռ գլխու պտոյտ ունեցող երիտասարդութեան միջեւ հոգիս միշտ ընտրած է այս վերջինը։ Այժմ, սակայն, կը զգամ անկարեկիր ու անտեղիտալի փորձառութիւնը, որ խրամ առ խրամ կը գրաւէ զիս։
Երբեք այսքան հաճոյքով չէի նստած սրճարանի մը դարպասը։ Ամրան գիշերամուտը թաւշային է ու դաւադիր՝ իր ծոցին մէջ ի քուն եղող երազի կարելիութեանց պատճառաւ։ Ի վերջոյ կ՚ուզեմ յստակօըէն գիտնալ, թէ ինչ կը հետապնդեմ այս երկրին վրայ։ Գուցէ արտաքին ակնարկով մը դիտուած միակտուր մարղու մը տպաւորութիւնը կրնամ ձգել, բայց քիչ մը պեղելով հոգւոյս ծածուկ հանքերը՝ կը հանղիպիմ մնայուն տուայ–
340

  1. 5 անձկայրեաց — կարօտակէզ
  2. 6 նաշիհ (ասոր.) — զտած, մաքրած