Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/50

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

Վազգէն Շուշանեան
Ու Մօն կը դիտէր մեզ աշխատաւոր ու պարզ աղջկան իր զուարթ հայեացքովը՝ մեղմօրէն տատանելով, քմահաճ շարժումով մը շտկելով վարսերը։
— Կը հասկնամ,— ըսաւ նշանակալից կերպով ժպտելով ինձ,— պարոնը աւրուած է իր բարեկամուհիին հետ, պարոնը կ՚ուզէ մոռնալ իր բարեկամուհին...
Նեղուած անակնկալ կերպով ստեղծուած կացութենէն ու երկմիտ՝ մօտեցայ պատուհանին։ Աշունը սկսած էր իր ցուրտ համբոյրովը հպիլ ծաոերու կատարներուն։ Մութը լայն խաւերով կ՚իյնար տուներուն վրայ։ Բարակ մէգ մը կը ծածկէր փողոցը։
— Ճիշդ ատիկա է, Մօն,— ըսաւ Վանի խորին քաղցրութեամբ մը։
Անզգալիօրէն մօտեցած էր աղջկան ու ձեռքը դրած ուսին։ Ինձ կը թուէր, թէ վերստին կրնար համբուրել զայն, գգուել անոր վարսերը։ Այս հաւանականութիւնը տաժանելի ու նուաստացուցիչ էր ինձ համար։ Կ՚ուզէի մեկնիլ, բայց կը զգայի, որ ատիկա պատեհ ու կարելի չէր։ Ի՞նչ պիտի մտածէր Աննա։
— Գործդ քանիի՞ն կը վերջացնես, Մօն։
— Երբեմն ընթրիքէն անմիջապէս յետոյ օձիքս կ՚ազատեմ, երբեմն ալ մինչեւ գիշերուան տասնուկէսը ստիպուած կը մնամ։ Իննուկէսին սպասեցէք փողոցին անկիւնը, բայց եթէ քառորդ ժամէն մէջտեղ չելլեմ, իմացէք, որ չեմ կրնար գալ...
Վանի զայն գրկեց ուսերէն։ Հայեացքը անօրինակ կերպով քաղցր էր, համբոյրի մը պէս մտերիմ ու ջերմին։
— Պէտք է անպայման գալ, Մօն...
— Աղէկ, քանի որ կը պնդէք...
Այդ րոպէին էր ահա, որ Աննա դուռը բախեց, մտաւ ներս ու երկարօրէն դիտեց Վանին։ Այս վերջինը իր զօրեղ ձեռքը վերցուց Մօնի ուսէն՝ սեղմելու համար Աննայի երկարած թաթիկը։ Հաւանաբար Աննա աղօտօրէն զգաց կացութիւնը, բայց կնոջական նուրբ բնազդով մը նախընտրեց չնկատել։ Հաճոյակատարութեամբ ժպտեցաւ Մօնի աչքերուն, ժիր շարժումով մը սեղմեց ձեռքս։
— Պզտիկներէն մէկը հիւանդ էր,— ըսաւ աճապարանքով,— քիչ մնաց որ չկարենայի գալ։ Բարեբախտաբար մեծ մայրիկնին եկաւ։ Եթէ քիչ մը արագ շարժինք, լաւ կ՚ըլլայ։ Անօթի ալ եմ...
— Տրամադրութիւնդ բարձր կ՚երեւի, Աննա,— ըսի մօտենալով։
Մօն սահեցաւ դուրս, Վանի՝ եւս։ Նրբանցքին մէջ վայրկեան մը ցած ձայնով խօսեցան իրարու հեւո։ Յետոյ վերստին Մօնի երգին ձայնը հնչեց՝ միօրինակօրէն զուարթ ու գլգլան։ Գեղջուկ երգ մըն էր, սիրուն՝ հակառակ իր բրտութեան, մարդոց հոգիներուն բխող եղանակ մը։
— Եթէ պիտի ուշանանք, վերարկուս հանեմ։
Գուցէ շրջազգեստը ցոյց տալու համար էր։ Բրդէ երկար ու գորշ շրջազգեստ մըն էր՝ մէջքը գօտիով, որ կը կաղապարէր մարմինը, որ մօտէն կը գրկէր կուրծքերը՝ ցոյց տալով անոնց քիչ մը շուայտ գեղեցկութիւնը։ Երեկոյեան լոյսին մէջ մազերը քիչ մը մթնած էին կարծես ու հաճելի ստուեր մը կը ձգէին դէմքին վրայ։ Բերանը մեղմօրէն բոսոր էր ու զուարթ՝ ցորենի հասուն արտերուն մէջ բռնկող հարսնուկի բաժակի մը պէս։
— Աննա, շրջազգեստդ իրապէս սիրուն է ու կը վայլէ դէմքիղ։ Շատ գեղեցիկ աղջիկ մըն ես այս երեկոյ...
Ստահակ զուարթութեամբ մը, որ բնական չէր թուեր, դիտեց զիս։
— Գուցէ ի պատիւ քեզի է,— ըսաւ մեղմօրէն,— որպէսզի լաւ յիշատակ մը պահես ինձմէ...
— Եթէ իրաւ այդպէս է, անկեղծօրէն շնորհակալ եմ, Աննա։
384