Jump to content

Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/51

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ
«Դառն հացը»

Վանի լռութեամբ եկաւ ներս ու ծուլօրէն գլանիկ մը վառեց։ Մեզմէ ոչ ոք կը համարձակէք յիշեցնել, թէ թատրոն երթալու ժամը կը մօտենար։
— Կը յուսամ, ոը չես մոռնար մեզ,— ըսաւ Աննա,— ու կը գրես...
— Ապահով եղիր, Աննա։
— Գարնան Վանիին հետ անգամ մը քեզի այցելութեան կուգանք,— յարեց,— Կիրակի մը...
— Անպայման,— պատասխանեցի՝ փորձելով հրահրել խօսակցութիւնը,— գարունը հաճելի է, ու նկարագեղ շրջակայքը։ Յետմիջօրէին անտառին մէջ կրնանք երկար պտոյտ մը ընել։
Վանի սեղանին եզերքը նստած էը՝ ոտքերը կախած օդին մէջ, ակնարկը գետնին։ Ուսերը աւելի քան կքած էին։ Ի՞նչ պատրուակ պիտի գտնէր արդեօք մեզի չընկերանալու համար։ Սենեակին խորունկ լռութեան մէջ կը լսուէր մատներուն հանած միօրինակ աղմուկը սեղանին վրայ։
— Աննա՛,— ըսաւ՝ անսպասելիօրէն խզելով լռութիւնը,— կը ներես՝ այս երեկոյ չպիտի կրնամ ձեզի ընկերանալ...
— Ինչո՞ւ համար, Վանի՛...
Ինձ կը թուէր, թէ Վանի յեղակարծ րրտութեամբ մը պիտի լուսաբանէր կացութիւնը, պիտի բանաձեւէր բարձրաձայն, ինչ որ երեքս ալ գիտէինք արդէն, ինչ որ անըմբռնելի յամառութեամբ մը կը ջանայինք ծածկել իրարմէ։ Դէմքը մռայլ էր՝ գրկուած ըլլալով այն խաբուսիկ պայծառութենէն, որ քիչ առաջ կը լուսաւորէր զայն։ Կը յիշէի իր ձայնը, երբ խորին քաղցրութեամբ մը կ՚ըսէր. «Պէտք է անպայման գալ, Մօն»։ Ընդհակառակն, շատ հանդարտօրէն ոտքի ելաւ ու մօտեցաւ ինձ։ Դէմքին արտայայտութիւնը կերպարանափոխուած էր։ Աչքերուն խորը տարօրինակ քաղցրութիւն մը կար։
— Վաղը չեմ կարծեր որ քեզ կրնամ տեսնել,— ըսաւ մտերիմ ձայնով մը, ուր յուզումի յետին երանգ մը կար,— ուրեմն՝ ցտեսութի՛ւն...
Իր զգայուն ու քիչ մը խոշոր ձեռքը երկարեց։ Յուզումնահար՝ երկարօրէն թօթուեցի զայն ու յանկարծ ուսերուս վրայ զգացի իր եղբայրական ու զօրեղ թեւերը։ Լռութեամբ համբոյր մը փոխանակեցինք։
— Ընկեր ու բարեկամ՝ առաջուան պէս,— յարեց մեղմօրէն՝ նայելով աչքերուս,— հակառակ կեանքի խաղերուն...
— Ընկեր ու բարեկամ՝ ինչպէս միշտ, Վանի։
— Իրողութեան մէջ, ո՞ւր է կեանքի գլխաւոր դժուարութիւնը,— աւելցուց՝ գլխարկը դնելով,— դէպքերուն հանդէպ մեր սխալ վերաբերումին մէջ։ Յաճախ կեանքի թոհուբոհին մէջ կը մոռնանք, թէ ուր է կարեւորութիւնը։ Կ՚ըմբռնե՞ս,— պնդեց շատ մեղմօրէն,— կը մոռնանք, թէ ո՛ւր է կարեւորութիւնը...
Աննա անշարժ կը դիտէր մեզ, ու ինձ կը թուէր, թէ լաւագոյն ղերը խաղացողը այդ աղջիկն էր՝ մեր երկուքին քաղցր բարեկամուհին։

VIII

Յաղթանակը կը նմանի հնձանէն նոր դուրս եկած փրփրուն գինիի, կ՚ըսէի՝ ճեղքելով առաւօտը, արբեցուցիչ է ու վաղանցուկ զօրութեամբ։ Ու դառն է, վասնզի իր մթին ծոցին մէջ ծածուկ ու նախանձով մը կը դիեցնէ պարտութեան առաջին սաղմը։ Ձգելով հոս հոգւոյս անդորրութիւնը՝ այս գիշեր պիտի հեռանամ՝ ընկղմելով վերստին մենութեանս մառախլապատ քաղաքին մէջ։ Իրական խաղաղութիւնը լոկ կեանքէն կրնայ գալ, կ՚ըսէի, մինչ ես պարտաւորուած պիտի ըլլամ ապաստանիլ գիշերուան հմայաթափ լռութեան՝ ամէն օր ինքզինքս վերագտնել կարենալու համար։ Ու վերստին երազին լե–

385