Jump to content

Էջ:Bitter bread, Vazgen Shushanian.djvu/54

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված չէ

Վազզէն Շուշանեան
րունկէն պիտի ելլէր գորտերուն կեղերջը, եկքանիկ մը պիտի սրտամորմոք ճիչ մը արձակէր։ Ու խաղաղութիւնը տանը վրայ պիտի ըլլաը անեզր ու անէական։
Այս երջանկութեան տարրերը եթէ գոյութիւն ունեցած չըլլային բնաւ, կրնայի գուցէ ընդունիլ կեանքը։ Եղբայրս հասակագեղ էր ու խարտեաշ՝ Վանիին պէս։ Անոր աչքերը կապոյտ էին՝ թեթեւ ոսկեգոյն երիզներով։ Գիշերը մեղրագոյն քաղցրութիւն մը կար անոնց խորը։ Գլուխս մահուան մահիճին վրայ, վերջին ժամուն իսկ, դժուար թէ կարենամ ազատիլ այս գլխատուած տեսիլքէն։ Քովս ի վեր կ՚ուզէի տեսնել զայն, փողոցի մը մէջ՝ իր քիչ մը նուրբ ու ազնուական գեղեցկութեամբը։ Այժմ գիտեմ, որ շատ պիտի սիրէի զայն, վասնզի տղայ մըն էր, որ սահմանուած էր յաղթելու կեանքին եւ աղջիկներուն։ Իր շարժումներուն մէջ հաճելիօրէն կամակոր ու տիրական քաղցրութիւն մը կար։ Վարսերուն մէջ առաւօտը ոսկի ցոլացումներ ունէր։
Պիտի ուզէի տեսնել մայրս՝ մեր երկուքին միջեւ, փողոցին մէջ կամ դաշտի ճամբումը վրայ, գարնան։ Ինչ որ կը սպասէր կեանքէն, գուցէ ատիկա էր ու այդ էր, որ չտրուեցաւ իրեն։ Անապատի ընկլուզող աւազին խորը թաղեցին զայն իր զսպուած ու բանտարկուած երիտասարդութեամբը, իր վիրաւորուած ու անեզր մայրութեամբ։ Ու մանուկ՝ զրկուեցայ ամէն առաւօտ դէմքիս վրայ իր անասելիօրէն քաղցր հայեացքը ընդունելու շնորհէն։
Կ՚ուզէի տեսնել քոյրս՝ իր շռայլ ու ոսկի գեղեցկութեամբը, խարտիշագեղ եղբօրս քով, ծովեզերքի իրիկնամուտին դէմ։ Որքան գեղեցիկ ու երիտասարդութեամբ թրթռուն պիտի ըլլային, օ, մռայլ արարչութիւն։Կ՚ուզէի զանոնք տեսնել գիշերը պարտէզին լուսաթաթախ երկնքին տակ, մատղաշ ու ցօղաթուրմ բուսականութեան քով։ Խորին հպարտութեամբ մը պիտի սիրէի զանոնք՝ զմայլելով բնութեան վրայ, որ կեանքի անփոխարինելի հմայքովը օժտած էր զանոնք։
Երբեմն գիշերուան կիսուն կ՚արթննամ, անկողնիս եզերքը կը նստիմ, գլանիկ մը կը վառեմ ու թոյլ կուտամ, որ ներկան սուգի մշուշին մէջ։ Յայնժամ ժամանակին ահարկու անիւը կը դառնայ ետ, ու մեր քաղաքին վրայ առաւօտը կը բացուի հանդիսաւոր վայելչութեամբ մը։ Երեւակայութիւնս կը յաջողի վերստեղծել, ինչ որ իրողութեան մէջ գուցէ երբեք կորսուած չէ ու չպիտի կորսուի բնաւ, քանի որ մարմինս կը պահէ իր բաբախուն յիշատակը՝ մեր հայրենի տունը։ Ամէն ոք կը շարունակէ ապրիլ, մեծերը՝ յաւելեալ խաղաղութեամբ մը, ու երիտասարդները՝ յարաճուն տենդով։ Ինչո՞ւ համար հոգիս կը շարունակէ այսքան խորունկ հաւատարմութեամբ մը պլլուիլ էն չնչին մանրամասնութիւններուն իսկ։ Ռունգերս կը յիշեն պարտէզին էն նուրբ բուրումներն իսկ։ Կը յիշեմ արեւին ընթացքը օրուան տարբեր ժամերուն։ Այս ածուն ստուերի մէջ էր առտուն, ու միւսը՝ յետմիջօրէին։ Թզենիին մութ տերեւներուն վրայ լոյսը մածուցիկ կը թուէր, մինչդեռ սալորենիին վրայ ան կը պլպլար հարիւրաւոր երեսակներով, նախշուն բիւրեղներու պէս։ Կը յիշեմ մեզմէ իւրաքանչիւրին ապրելու եղանակը այդ նահապետական ու խորունկ տան մէջ։ Սիրով բաբախուն համբերութեամբ մը կը սպասեմ տարիներու թաւալումին՝ ձգելով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կեանքը լրումին տանի։
Մեռելներ չեն, ինչ որ կը կրէ հոգիս, այլ՝ անփոխարինելի էակներ, որ կը շարունակեն ապրիլ ուրիշ կեանքով մը, որոնց թրթռուն ներկայութիւնը կը զգամ յաճախ գիշերային ու երազային պահերու։ Այդ ներկայութիւնը միայն հոգեկան չէ։ Վայրկեաններ կան, որ յիշատակը մարմին կ՝առնէ։ Ձայն մը կը դողայ կիսամութին մէջ. մայրս է, որ կը կանչէ զիս։ Ի՜նչ հրաշալի զարթօնք է ասիկա։ Պատուհանին առջեւ գարունը կը հիւսէ իր ծաղկային մանեակը, ու զուարթ, կարկաչուն, դողդոջուն մեղեդի մը սարսռուն վանկերով կը դեգերի ծառերուն մէջ։ Աչքերս կը բանամ, ու լոյսը կ՝օծէ կոպերս։ Աւելի քաղցր
388