րս անկորնչելի բերկրութիւն մը կրնայ գոյութիւն ունենալ միթէ. ընդունիլ օրուան առաջին պահուն իսկ լուսաթաթախ դէմքիդ վրայ մօրդ հայեացքին բարի գգուանքը։
Գլուխս մահուան մահիճին վրայ, վերջին ժամուն իսկ, մարմինս պիտի յիշէ կորուսեալ ու անվերագտնելի անդորրութիւնը, որ իմս կրնար ըլլալ։ Կեանքիս առաւօտը զուարթ էր ու կը խոստանար բեղուն միջօրէ մը։ Երբ արիշին տակ նստած, թոթովախօս ու անհանգիստ մանուկ, կը հեգէի մարդոց առաջին իմաստութեան ու բարբառին առաջին վանկերը, կրնայի՞ միթէ երեւակայել, թէ ափէ ափ մոլար թափառականի կեանք մը վերապահած է ինձ ճակատագիրը։ Ի վերջոյ, կ՚ուզեմ յստակօրէն գիտնալ, թէ ինչ կը հետապնդեմ այս երկրին վրայ։ Կեանքի լուսանցքին վրայ կարելի չէ անպատիժ կերպով հետապնդել, ինչ որ առյաւէտ կորուսեալ է, ինչ որ ստուերներու թագաւորութեան կը պատկանի, ինչ որ մեռեալ գեղեցկութիւն մըն է այլեւս։
* * *
Ընդմիշտ կորուսեալ գեղեցկութիւն մը կայ կեանքիս մէջ, ընդմիշտ եղծուած հրապոյր մը, կ՚ըսէի ջղային արագութեամբ մը՝ բարձրանալով ու յետոյ իջնելով ծառուղին, ընդմիշտ շիջած լոյս մը։ Խաղաղ հմայաթափութեամբ մը կ՚անցնիմ մարդոց բնակութեան վայրերէն, ու կը թուի, թէ այլեւս ոչինչ կրնայ զիս ոդբերգականօրէն յուսալքել։ Ծեր ստոյիկեանի մը պէս, որ քաղցր օրուան մը վախճանին ընդունակ է հեշտին փիլիսոփայութեանդ մը հրաժարիլ կեանքէն, կը թուի թէ կրնամ պարզութեամբ դուռը բանալ ու մեկնիլ։ Կը թուի միայն։ Վասնզի կեանքի խուլ կիրքը հաստատած է իր իշխանութիւնը վրաս, ու հաճոյքի մռայլ ծարաւը թունաւորած է արիւնս։ Կորստաբեր սիրով մը կը դողդոջեմ ի տես երկրի թրթռուն շքեղութեան։ Հովին հետ, որ կ՚ելլէ երեկոյեան, մարմինս կը զգայ թեթեւոտն ու նուրբ էակներու շղարշային ու կիսաթափանց շնորհը։ Տենդը հայեացքիս մէջ է, ու յուզումը՝ ձեռքերուս վրայ։ Էն չնչին ու խուսափուկ զգայնութիւններէն արագութեամբ կը յանգիմ մտքի հիւանդ հաճոյքներու։ Զգայնութիւններու այս յարատեւ տարբաղադրումն ու կերպարանափոխումը ժամէ ժամ կը ծերացնէ զիս։ Էն զուարթ ու մաքուր հաճոյքիս կը խառնուի յուսալքումի մրուրը։
Տենդը հայեացքիս մէջ է, ու յուզումը՝ ձեռքերուս վրայ։ Ժամեր կան, երբ տաժանելիօրէն կը տուայտիմ երիտասարդ կնոջ մը մարմնին պատճառաւ, որ երբեք իմս պիտի չըլլայ։ Կինը կը խրի քաղաքին գիշերուան մէջ, իսկ ես խոշոր գլուխս ծռած կը յառաջանամ՝ ողբալով կորուսեալ անմեղութիւնս։ Անգամ մը կայարանի մը սպասման սրահին մէկ անկիւնը աղջիկ մը մեղմօրէն ծռեցաւ, շրջազգեստը բարձրացուց ու անհանգստութեանդ շուրջը նայելով՝ ծնրակապը շտկեց։ Իր մերկ ազդրէն աւելի, որ երկվայրկեան մը շողաց, աչքերուն խռովքը սիրեցի, երբ շուրջը կը դիտէր։ Զգալով, որ ծերութիւն է ասիկա, հայեացքս դարձուցի անդին՝ խածնելով շրթունքս, բայց ողջ գիշերը մարմինս պահեց այդ հպանցիկ տեսարանին յիշատակը։
Օրն ի բուն ու գիշերն ի բուն հաճոյքի անխնայ ծարաւը գոռ թաւալումներով կ՚ելլէ մարմնիս խորունկներէն ու կը սարսէ զիս, ու երբ այլեւս խոնջ հակիմ գրքի մը վրայ, խաղաղութեան կարօտը անդամներուս մէջ կը կաղկանձէ։ Այս որոտընդոստ ու յղի տարիներուն, երբ քաղաքներու ընդերքներուն մէջ կենարար ու ազևիւ դժգոհութիւնը մեծաշռինդ աղմուկով մը կը թաւալի, երբ յաղթանակը զսպուած ու զարհուրելի սաստկութեանդ մը կը բախի իր գառագեղին[1] պատերուն, երբ մարդկութիւնը, մռայլ երկունքի մը ցաւով ինքն իր վրայ ծալլուած, ահագնադղորդ գոչիւններ կ՛արձակէ, ահա ես, մարդ մը, գեղեցկահմայ ու մոգեալ, իր հաճոյքէ տոչորող ափերը պարզած, կը հայցէ խաղա–
- ↑ 28 գառագեղ — վանդակ, զնդան