տանքի մէջ ապրող բարոյական անձի մը, որ յաւիտենակաե գիշերուան խորունկը մանուկի մը պէս կը ճչայ։
Անտարակոյս հաճոյքի իմացումը սկիզբն է ծերութեան։ Մարդկային քիմքը անգամ ծերանալով է, որ կ՚ըմբոշխնէ համադամներու ճաշակն ու սնունդներու նրբութիւնը։ Երբ պատանի էի, երկրին գինեհամ ու արեւայեղց[1] պտուղները կը խածնէի երիտասարդ անասունի մը պէս՝ առանց զգալու անոնց բնիկ ու ինքնուրոյն բուրումը, անոնց մսերուն տարբեր համերը, անոնց բջիջներուն արձակած անուշահոտութիւնը, որ անմեկնելի յարաբերութեամբ մը կը խաոնուի համին։ Այժմ պտուղները ճաշակել գիտեմ յուսահատական նրբութեամբ մը, ծերութեամբ գրեթէ։ Երբեք իրական երիտասարդ մը կարեւորութիւն չ՚ընծայեր նման զգայնութիւններու։ Երբեք մանուկի մը լեզուն քիմքին չի փակիր անուշահոտ գինի մը ումպ ումպ ճաշակած ատեն։
Ինչ որ մարմինս այժմ կ՚որոնէ, անմիջական հաճոյքն է, յագեցումին յաջորդող անդորրութիւնը, ծոյլ ու պզտիկ գոհացումը։
Գարնանային ու իրապէս բաբախուն էր գեղեցկութեամբ Ֆրանսայի մէջ անցուցած առաջին տարիս։ Շրթներուս վրայ բառերը խանդավառ ու տաք էին, արեանս պէս անհանգիստ էին։ Խոշորաքայլ կը ճեղքէի կեանքը՝ անկոխ անտառի պէս, ու մարմինս կը դղրդար սիրով։ Գարնան գիշերներ կային հարաւի ջերմին հողերուն վրայ, երբ թարթիչներս կը վառէին արտասուքի կաթիլներով՝ աստղերուն պատճառաւ, որ շատ էին, երկևքին, որ կապոյտ ու խորունկ պնակի մը պէս էր, ճպուռի մը պատճառաւ, որ սօսիի մը ճիւղերուն մէջ կը ճչար։ Բնութիւնը յղի կնոջ պէս ծանրաբեռն ու արգասաւորութեամբ տաք էր։
Երբեմն երիտասարդ աղջիկ մը կասեցնէր՝ թրթռացնելով հոգւոյն նուագարանը։ Ափերս չէին, որ կը վառէին, կը խանձէին հեշտութեան ծարաւով, երանքներս[2] չէին, որ կ՚ողոքէին անոր ազդրերուն գիրգ շուայտութիւնը, այլ շրթներս էին, որ կը հայցէին անոր ծաղկահամ բերանը։ Սէրը որեւէ եղէգի մը մէջէն կը նուազէր իր սրտակտուր ու յաւերժական մեղեդին։
Այժմ երիտասարդ կիները կը դիտեմ հայեացքով մը, ուր արդարութիւն, վեհանձնութիւն ու նուիրում չկայ։ Ակնարկս հիմա գիտէ հաճոյքին տեսակը, որակն ու քանակը, որ այս կամ այն մարմնէն կարելի է ստանալ։ Ոչ քաղցր համաձայնութիւնն է, ոչ անգնահատելի գորովը, ոչ իսկ խանդավառ սէրն է, որ թանկագին կը թուի կիներուն մօտ, այլ հեշտութիւնն ու քունը։
Հեշտութիւնը, որ արեւելեան բաղնիքի պէս է, ուրկէ մարդ դուրս կուգայ խաղաղ ու խոնջ։
Ու քունը, որ կը նմանի Շամիրամեան առկախ պարտէզի երկնքին եւ երկրին միջեւ։
* * *
Հեշտութիւնն ու յագեցման յաջորդող քունն էր, որ մարմինս ցանկաց առաջին հանդիպման ժամուն իսկ։
Խանդավառութեամբ, իմացական տենդով, մտքի անմեկնելի հաճոյքով թաթխուած գիշեր մըն էր։ Խուռն բազմութեանդ կը սպասէինք, որ Ազատ-Որմնադիրներու Քատէի սրահը իր դռները բանայ։ Նրբանցքէն, ուր կը հրէինք իրար, մինչեւ մուտքի դուռը, մինչեւ կից սալայատակը մարդկային ալետատան ծովը խուլ շշունջով մը կը հեւար։ Անտատակոյս, սրահը չէր կրնար պարունակել այս ամբողջ բազմութիւնը։