Էջ:Complete Works of Siamanto (Սիամանթոյի ամբողջական երկեր).djvu/5

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Փոխադարձ սէր, որ սակւսյն պայմաններու բերմամբ կը մնայ անկատար. աղջիկը ծնողական պահանջին անսալով, կը վերադառնայի իր ծննդավայրը:

1905- Ժընեւի մէջ Ատոմ Եարճանեան-Սիամանթօ ստորագրութեամբ լոյս կը տեսնէ «Հայորղիներ»ու աոաջին շարքը: Դեկտեմբերին, սնանկանալու հետեւանքով անձնասպան կ՚ըլլայ հայրը ծով նետուելով:

1906 ֊ նոյն քաղաքին մէջ կը հրատարակուի «Հայորղիներ»ու երկրորդ շարքը: Յունիսին, «Լեմանի գեղածիծաղ ափերուն վրայ» աոաջին անգամ կը հանդիպի Դանիէլ Վարուժանին: Հրապարակ կ՚ելլէ վերջինիս «Սարսուռներ» երախայրիքը:

1907 - նոյեմբերին Փարիզի մէջ Ատոմ Եարճանեան անունով կը տպուի «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» հաւաքածոն: Նույն տարուան Մայիսի կէսերուն լույս կը տեսնէ Մ Մեծարենցի «Ծիածան»ը, իսկ վեց ամիս յետոյ' «Նոր տաղեր»ը:

1908 - Փարիզի մէջ կը հրատարակուի «Հայորդիներ»ու երրորղ շարքը: Հռչակուած Սահմանադրութենէն ետք, տարուան վերջերուն, կը վերադառնայ Պոլիս, ուր կը վերահրատարակէ «Հայորդիներ»ու առաջին և երկրորդ շարքերը միասին:

1909 - ապրիլին տեղի կ՚ունենան Ստանայի ջարդերը: Այս առթիվ զարմանալի արագութեամբ կը գրէ և լույս կ’ընծայէ «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» հատորիկը: Դեկտեմբերին կը մեկնի Ամերիկա' Պոսթըն, մաս կազմելու «Հայրենիք»ի խմբագրութեան: Կը հրատարակուի Դ. Վարուժանի «Ցեղին սիրտը»:

1910 - կը գրէ «Հայրենի հրաէր»ը, զոր կը զետեղէ նույն տարին իր հրատարակած «Ամբողջական գործ»ի աոաջին հատորին մէջ: Կը տպուի Ռուբէն Սեևակի «Կարմիր գիրքը», նուիրուած Կիլիկիոյ ջարդերուն:

1911 - ամրան, Լոնտոն, Փարիզ ու Ժընև հանդիպելէ յետոյ կը վերադառնայ Պոլիս: էոյս կը տեսնէ Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ» հատորը: 1912 - «Ազատամարտ»ի մէջ (Փետրուար, Մարտ, Ապրիլ) Արշամ Աբբասեան ստորագրութեամբ կը հրատարակէ «Ազատ կարծիքներ» յօդուածաշարքը: Պոլսոյ մէջ առանձին գրքով, անգլերէն, լոյս կը տեսնէ «Ասպետին երգը» տիկին Ալիս Պլեքուէլի թարգմանութեամբ: Կը հրատարակուին Դ. Վարուժանի «Հեթ-անոս երգեր»ն ու է. Շանթի «Հին աստուածներ»ը:

1913 - խումբ մը մտավորկաններու մասնակցութեամբ կը կազմակերպըին «էսայեան սանուց միութեան գրական ասուլիսները»: Յունիս 2ին քննութեան կը դրուի Սիամանթոյի «Ամբողջական գոբծ»ը: «Եարճանեանի քերթողութիւնը» զեկուցումով հանդէս կու գայ Դ. Վարուժան: Հոկտեմբեր 1 Յին Պոլսոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ Գրերու Գիտի 1500 եւ տպագրութեան 400 ամեակի աննախադէպ տօնա-