Jump to content

Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/121

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԼԱՉԱԿՍ ԳԼԽՈՒԴ ԸԼԼԱՅ ԹՈՂ․․․

Վերջալոյսի մռայլ ցոլքերն հոգեվարքի վերջին տողերը կը հէքեաթէին մօտակայ բլուրներու բարձր կատարներուն թառած։

Սեպաձև ժայռերու գիրկը սեղմուած անդնդախոր ձորակը մթաստուեր ու մենաւոր ամայութեան մը մէջ վայրենի ու ցուրտ բան մը կը մրմնջար ու կը շշնջար շարունակ։

Իսկ փախստականներու անծայրածիր հոսանքը հևասպառ ու շնչակոտոր կը յորդէր ձորակի մէջքին օձի նման ոլորուող քարքրուտ ճանապարհով դէպի Բանդիմահու գետը։

Անոնց հրկիզուած, կոշկոռուած դէմքերը, գզգզուած, փոշեպատ մազերը հնամաշ ու պատռտած հագուստներու պատկերին միախառնուած՝ մարդկային թշուառութեան ու տառապանքին ամենածանր և ամենախոր արտայայտութիւնը կը յօրինէին։

Քարքրուտ ուղիին ափը սրածայր քարերէն միոյն վրայ նըստած կը հանգստանար ընտանիք մը չորս անդամներէ բաղկացած։ Մէկը՝ մօտ յիսուն տարեկան, յաղթանդամ, արևառ ճակատով, սև և փայլփլուն աչքերով տղամարդ մըն էր, որ դէմքը երկու ձեոքերուն ափը առած՝ կարծես վերասլացած, փոխադրած ըլլար հայրենի լերան ու գիւղին, հանդին ու ջուրին քաղցրութեանց և առատութեանց մէջ։

Միւսը՝ միջահասակ, գլխուն գեղջկական գոյնզգոյն թելերով հիւսուած եազման, լեռնական կնկայ հպարտ, տիրական հայեացքով, ոչ շատ գեղեցիկ ըսուելու չափ նուրբ և ոչ ալ տգեղ կարծուելու չափ անկանոն դիմագծութեամբ կին մը՝ Ռեհան անունով, որ իւր չորացած ստինքները բացած անօթութիւնէ մորմոքող երախային ծիծ կուտար։

Անոնց քովնտի նստած կար նաև վտիտ ու դեղնահար տղեկ մը, երկայնաձիգ ճամբու չարչարանքներուն մէջ հալ ու մաշ եղած. դէմքը տեղ տեղ տիրապետող շոգին ազդեցութեամբ խանձուել էր և արիւնոտ պզուկներ երևան եկած էին. իր ոսկրուտ մատներուն արանքը բռնած էր չորացած հացի կտոր մը, որ երբեմն շրթունքներուն մօտեցնելով, ագահօրէն կը կրծէր։

Երբ գիշերը իր ծանր և ստուերախիտ թեզանիքը վար իջեցուց, ընտանիքը վեր կացաւ և շարունակեց տաժանքոտ ուղևորութիւնը, խառնուելով կոյր, ճակատակագրական փոթորիկէ մը քշուող մարդկային ծօվածաւալ ամբոխէն։