տարուան ամուսնութենէ ետքը անիկա նոյն եռանդով, նոյն հրայրքով կը սիրեր զիս. ի՞նչ կըսեմ, կը շարունակէր հետապնդել զիս, որովհետև, հակառակ որ երբէք այդ մասին ոևէ խօսք չէր արտասանուած մեր մէջ, անիկա կը զգար, որ իմ հոգիս կը խուսափէր իրմէ, թէ ինձմէ մաս մը, լաւագոյն և էական մասը իմ անձիս չէր միացած իրեն հետ։ Այս վիճակը երբեմն զիս կը յոգնեցնէր, երբեմն կը զայրացնէր, բայց և յաճախ տեսակ մը խանդաղատանք կը ներշնչէր։ Ես կը ցաւէի իր անօգուտ մաքառումին համար, բայց և այնպես գիտէի թե տառական կերպով իմ պարտաւորութիւններս կատարելէ անգին չէի կարող անցնիլ և թե իմ հոգւոյս դռները բացարձակապէս ու անդառնալի կերպով գոցուած էին իրեն համար։ Երբեմն ալ կը խորհէի. թերևս ես սիրտ չունիմ, զգալու ընդունակութիւն չունիմ. հետաքրքրութիւն և տեսակ մը բարութիւն. . . ուրիշ ոչի՜նչ, ոչի՜նչ...»
Բայց ահա հարկ եղաւ, որ իմ հոգիս զգայ քու հոգիդ, որպէսզի անոր դռները լայն բացուին, զգացումներու և յուզումներու փոթորիկ մր որոտայ իմ մէջս և ևս գիտնամ ու տեսնեմ բոլոր շքեղութիւնը այն գանձերուն, որոնք իմ մէջս, կը կրէի և որոնց գիտակցութիւնը չէի ունեցած տակաւին։ Աւելին կրսեմ. կարծես հոգիս ամրափակ և անհաղորդ կը սպասէր քեզի, կը սպասէր յոյսով և հաւատքով, և ինչ որ գալիք օրերը կը խոստանային իրեն, ինքը գիտէր, անոնցմով կը հրճուէր նախապէս, ու իր ժպիտները և ուրախութիւնը յաճախ կր ծաղկէին իմ դէմքիս վրայ։
Պետք է ներկայացնեմ իմ կեանքս ամբողջովին ու քեզի խօսիմ նաև իմ զգացական կեանքիս վրայ քեզ ճանչնալէ առաջ։ Բայց կր տեսնես, որ դժուարաւ ինքզինքս կը զսպեմ՝ որոշ դասաւորման ենթարկելու համար գրելիքս, ու ամեն րոպէ հոգիս դէպի քեզ կը սուրայ, քեզ կը տեսնեմ ամենուրեք ե նոյնիսկ անցեալին մէջ, որովհետև դուն կայիր միշտ ինձի համար, ու չեմ կարող նոյնիսկ երևակայել պահ մը իմ կեանքիս մեջ, ուր դուն բոլորովին բացակայ եղած ըլլաս։ Ինձի կր թուի, որ այդպէս է նաև քեզի համար, թե ուրիշ կերպ չի կընար ըլլալ և թե նախասահմանեալ զգացումներու բարեպատեհ հանդիպում մըն է մեր հանդիպումը։
Յաճախ կը պատահի, և նոյնիսկ երբեմն անգիտակցաբար, որ կիները ինքզինքնին արդարացնելու համար տխուր կամ եղերական գոյներով կը ներկայացնեն իրենց կեանքը ու մանաւանդ իրենց