ամուսինը. ես պէտք չունիմ այդպիսի միջոցներու դիմելու։ Նախ, որ արդարանալու պատճառ չեմ տեսներ. իմ զգացմունքիս խորքը այնքան մաքուր է, այնքան յստակ, որ ամեն մարդ կրնայ նայել անոր առանց աչքերը պղտորելու. իմ զգացումս արևի պէս կարող է ճառագայթել ու նոյնիսկ իր ջերմութեամբ ու պայծառութեամբ փառաւորաիլ։ Արդարանալու համար պէտք է ամչնալ, և ամաչումը յառաջ կրնայ գալ միմիայն պղտոր և անխոստովանելի ներքիններով զգացումներէ, Եւ ինչո՞ւ ամչնալ յաղթանակէ մը, որովհետև վերջապէս ամենամեծ յաղթանակը մարդուս իր սեպհական երջանկութեան գտնելը չէ՞...
Եւ յետոյ, սիրելի՛ս, կուզեմ որ համոզուիս, թէ իմ դէպի քեզ ունեցած հակումս դժբաղդ ու անյաջող կեանքի մը մէկ հակազդեցութիւնը չէ։ Կուզեմ որ գիտենաս, թէ ես նպատակներ չունիմ, բաղձանք չունիմ և ոչ մէկ հանգրուանի կը ձգտիմ։ Իմ երջանկութիւնս զիս կը լիացնէ, ու զայն անեղծ ու պայծառ պահելու հոգը միայն կարող է զիս արթուն և ուշադիր դարձնել։ Մարդկային և սովորական մտահոգութիւնները անհետացած են իմ մէջէս։ Իմ զգացումս պղտորուած չէ իրմէ օտար ոևէ զգացումի հետքէ և նոյնիսկ ինձմէ հեռու կը վանեմ սիրուած ըլլալու փառասիրութիւնս։ Կը սիրեմ քեզի, ու երջանիկ եմ սիրելով, ու իմ երջանկութեանըս բոլոր աղբիւրները ինձմէ կը
բղխին, ու բոլոր ծաղիկները կը քաղեմ իմ իսկ հոգիիս մէջէն. այդ պատճառով է, որ ես մտահոգ ու անհանգիստ չեմ պզտիկ կամ մեծ հոգերով, անստուգութիւններով ու կասկածներով։
Կարծես մեծափայլ արև մը ծագեցաւ իմ կեանքիս հորիզոնին վրայ, ու բոլոր մշուշները ու բոլոր ամպերը փարատեցան, ու ես հիացած ու զարմացած կը նայիմ անոր ճաճանչներուն բազմազան խաղերուն և երջանիկ եմ, հոգիս զեղուն յոյզերով և քաղցր վըրդովմունքով, երջանիկ եմ ամեն բացատրութենէ գերիվեր չափով մը...
Ինչպէս արդէն ըսի, այն հինգ տարիները, որ կանխեցին իմ ամուսնութիւնս, խորապէս դառնացուցած կին Միքայէլի հոգեկան վիճակը, որ առանց անոր ալ տառապելու և չարչարուելու ընդունակ խառնուածք մը ունէր։ Անիկա տխուր էր, և այդ տխրութիւնը երբէք չի փարատեցաւ.
անիկա գիտէր, թէ զինքը ընտրելէ առաջ վարանումներ ունեցած էի, ու անհանգիստ և նախանձոտ էր։ Կը նախանձէր այն մարդոցմէ, որ իրմէ առաջ իմ ուշադրաթիւնս