հեգնութիւնով, անխնայ հեգնութիւնով կը փարատէի այդ կերպ վերյիշութեան մը առթած տհաճութիւնը. ի՞նչ փոփոխամիտ եմ, ինչ անկայուն տրամադրութիւններ ունիմ, կըսէի ինքնիրենս։ Բայց այսօր գաղտնիքը պարզուեցա։ Ինձի համար. ասոնցմէ ոչ մէկը երբէք ճշմարիտ և անկեղծ սէրր չէ եղած. նախ որ ինձի կը թուէր և փորձը ցոյց տուած էր, որ երբէք ինքնաբերաբար իմ կողմէս առաջինը ուշադրութիւն չեմ դարձուցած մէկու մը. ուրեմն միշտ ինձի յայտնուած զգացումի մը հակազդեցութիւնր եղած է, ուրիշ ոչինչ։ ԻնձմԷ չէ, որ բղխած է իմ զգացումս, այլ ենթարկված եմ ուրիշին զգացումին առաւել կամ նուազ ուժգնութեամբ, ու զիս յուզող դրդապատճառը բուն իսկ սէրը չէ եղած, այլ սիրուած ըլլալու փառասիրութիւնը, համբաւաւոր մէկու մը ինձ ընծայած ուշադրութեան սնապարծութիւնր կամ հետաքրքրութիւնր, ու մանաւանդ հետաքրքրութիւնը։
Եւ յետոյ, կայ նաև ուրիշ բան։ Ւմ հոգիս ծարաւի էր մեծ զգացումներու, հիացումի, քաղցրութեան և նաև մեծ զոհողութիւններու. իմ հոգիս պիտի նախընտրէր սասանեցնող և նոյնիսկ մահացու զգացումները ցուրտ և հանդարտ քունէն. անիկա կուզէր սթափիլ, յայտնուիլ ու ապրիլ իր բոլոր զօրութիւնովը, իր հզօր թափովը։ Ու այս ձգտումները, այս որոնումները զիս կը մոլորեցնէին, զիս ենթակայ կը դարձնէին սխալմունքներու։ Ես իմ մէջս կը քաղէի այն յատկութիւնները, որոնցով կը զարդարէի այս կամ այն անձը. ես կը կազմէի իդէալ մը և կը հիանայի իմ կազմած ու զարդարած տիպարիս վրայ. ինքնախաբէութիւնը այնքան կատարեալ կըլլար, որ առաջին օրերր բոլորովին անձնատուր կըլլայի իմ ուրախութեանս. կարծես թևեր կը ստանայի, կարծես իմ շուրջս բոլոր արգելքները կանհետանային, կարծես կեանքս կը լուսաւորուէր իր սեպհական արևով, բայց այդ բոլորը պատրա՜նք, պատրա՜նք... ու յուսախաբութիւնս չէր ուշանար, և այն մարդը, որ կը կարծէի սիրել, կը ներկայանար յանկարծ ոչ թէ այնպէս, ինչպէս որ ես կը տեսնէի, այլ այնպէս, ինչպէս որ էր իրապէս... Կը ծիծաղէի իր վրայ, կը ծիծաղէի իմ վրայ, իմ սեպհական զգացումներուս վրայ և կը շնորհաւորէի ինքզինքս, որ ոևէ անդարմանալի կամ գռեհիկ բան տեղի չէ ունեցած և իմ սովորական դիւրազգացութիւնս և ճաշակս անգամ մը ևս զիս փրկած են սխալ քայլէ մը։ Իհարկէ, այդ բոլոր մարդոց մէջ կային, որ իրապէս արժանի էին հիացումի և սիրոյ, և երբ իմ խանդավառութիւնս մարած է ոևէ պատճառաւ, երբեմն շատ աննշան պատճառօւ մը, իմ մտածումս արդար եղած է իրենց նկատմամբ և ինչքան ալ ըլլամ իմ