Jump to content

Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/18

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

երևակայութենէս, շատերը կան, որոնց յիշատակը բուրմունքի մը պէս մնացած է իմ հոգոյս մէջ։

Մէկ անգամ ճշմարիտ և տառապեցնող սէրը բոյն դրաւ սրտիս մէջ՝ ու փոփոխամիտ չի գտնուեցայ այդ անգամուն։

Անիկա քաջ էր և իր խիզախ ասպետի գեղեցկութիւնր կը կրէր իր դէմքին վրայ։ Իմ հօրս պաշտօնակիցներէն մէկուն որդին էր. յաճախ տեսած էի զինքր իմ մանկութեանս տարիներուն, բայց իմ ամուսնութենէս ետքը շատ ցանցառ կերպով մը հանդիպեցայ իրեն։ Երբ փրփրոտ երախով և կայծակնացայտ սմբակներով իր սև ձիուն վրայ թեթև մը նստած կը բարձրանար Սկիւտարի բարձունքներն ի վեր, իր յանդուգն և տիրական տեսքը չէր կարող հիացում չաղղել. բայց այդ բոլորը միայն աչքի վայելք մը եղած էր մինչև այն ատեն ինձի համար։ Անիկա արագութեամբ յաջողած էր զինուորական ասպարէզին մէջ, և իր հրամանատարութեան յանձնած էին հետզհետէ կարևոր պաշտօններ։ Երբ վերջին անգամ վերադարձեր էր իր տունը, սոսկալի, դժնղակ օրեր էին մեզի համար, այնպիսի օրեր, որոնց դառն ճաշակը կունենանք գրեթէ պարբերաբար. սարսափը ու ապառնալիքը կախուած էին մեր գլուխրուն վերև ու զայրոյթը, վրէժխնդրութիւնը, արիական խոյանքները, զսպուած կատաղութիւնր ամբողջ ժողովուրդին վեր ի վայր կը շրջէին բոլոր հոգիները։ Այդպիսի իրիկուն մըն էր։ Շքեղ և արենազոյն վերջալոյսի պահ մը. եղերական գեղեցկութիւնը մեծ ոստանին կը տարածուէր Վոսփորի ափունքներուն վրայ. գարնանային ջերմ հով մը կը հևար միջոցին մէջ, ու ծառերը սարսռալով իրենց ճերմակ ծաղիկները կը թափթփէին։ Մինակս ու տրտում, հոգիս լեցուն անսահմանելի անձկութեամբ կը դիմէի Սկիւտարի բարձունքներէն մէկը ամբողջ օրուան մը ջղագրգռութիւնս ամոքելու. յոյսով մի անգամայն կշտապէր, որպէսզի Միքայէլէն առաջ տուն հասնիմ, որովհետև նոյնիսկ այդպիսի օրերու մէջ անոր կասկածները և նախանձոտաթիւնր չէին դադրեր զիս հալածելէ, ու այդպիսի հոգեկան տրամադրութիւններով ատիկա բոլորովին անտանելի էր ինձի համար։

Արդէն հասած էի որոշ բարձրութեան, յանկարծ նշմարեցի, որ մինակ եմ, բոլորովին մինակ... այդ վայրը, որ ամեն իրիկուն խճողուած կըլլար շրջագայողներու բազմութեամբ մը, թափուր էր բոլորովին։ Վախի զգացումը զիս գրաւեց, ամենուրեք՝ շրջակայ բլուրները, հովիտները, դիմացս ու ետևս՝ ամայի էր բացարձակապէս. տարօրինակ լռութիւն մը կը տիրէր. նայուածքս սահելով կանցնէր ծաղկաղարդ մարգագետիններուն վրայէն, Վոսփորի շողշողուն