Jump to content

Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/24

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ոչ մէկ լուր կըստանայի իրմէն, և մեր շրջանակներուն մէջ ոչ ոք կը խօսէր էր մասին։

Օր մը սակայն, անակընկալ կերպով մը արտասանուեցաւ իր անունը. սոսկալի ժամ մը եղաւ ատիկա ինձի համար։

Պալքանեան պատերազմի օրերն էին. թրքական բանակին անյաջողութիւնները այլևս գաղտնիք չէին նոյնիսկ թուրքերուն համար։ Կէս օրէ մը ետքը, պտոյտէ վերադարձին ամուսնոյս բարեկամները եկած էին մեզ մօտ հանգստանալու համար. կը խօսէին օրուան դէպքերուն մասին։ Աստուած իմ, յստակօրէն կը յիշեմ, թէ ինչ հոգեկան տրամադրութեան մէջ էի այդ օրը, ինչ մանրամասնութիւններ կային իմ շուրջս, դէմքի ինչ արտայայտութիւններ ունէին ամեն մէկը։ Պահեր կան մեր կեանքին մէջ, որ իրենց բոլոր յարակից նոյնիսկ աննշան հանգամանքներով կը յաւերժանան. կարծես ժամանակը կանգ կառնէ, չի թաւալիր ու վարագոյր մը կր բացուի ձեր անկարողութեան դիմաց, ու կը տեսնենք գրեթէ անտեսանելին։

Օդը ցուրտ էր այն օրը, և սպասուհին հակած էր նոր փայտեր դնելու համար վառարանին մէջ։ Պատուհաններու վրայ անձրևը կը մրմնջէր, և նոր վառուած փայտերու աղմկալի ճարճատիւնր և հուրհուրալը ուրաիւութեամբ կը պատասխանէին անձրևի մրմունջին։ Իմ խաղաղ և յոգնած օրերէս մէկն էր այդ օրը. հոգիս կարծես կը քնանար, ու մանկական զուարթաթիւն մը հաճոյակատար և եռանդուն կը դարձնէր զիս. այս այնպիսի տրամդրութիւն մըն էր, երբ մարդս կարծես առիթր կը փնտռէ հաճոյք մը պատճառելու, քաղցր խօսք մր ըսելու, գուրգուրալու բանի մը վրայ։ Կարծես մարդուս սիրտը գուրգուրանքով և սիրով զեղուն կըլլայ և կուզէ սպառել այն աւելին, որով վերջապէս անհանգիստ պիտի դառնայ։

Սեղանին վրայ մեխակի թաղար մը ծաղկած էր իր կարմիր ծաղիկներով։ Շարժելու, ժպտելու, երգելու փափաքս ստիպուած էի զսպել, որովհետև Միքայէլի խուզարկու նայուածքը սևեռած էր վրաս, և Միքայէլ կըսկսէր կասկածել այնքան, երբ տխուր տեսնէր զիս, որքան երբ անսովոր կերպով զուարթ ըլլայի։ Բայց իմ ինքնաբուխ եռանդիս մէջ չի կրնալով հանդարտ նստիլ, մօտեցայ թաղարին, բարձրացուցի զայն և դէմքս ծածկեցի ծաղիկներուն մէջ։ Վերջալոյսի շողիւն մը, թանձր ամպերին թափանցելով, միակ ճառագայթ մը ուղարկեց դէպի մեզ. աչքերս ժպտեցան այդ ճաճանչին, որ հետզհետէ կը մարէր, բայց ադամանդներու պէս պսպղուն կը դարձնէր ապակիներուն վրայէն սահող անձրևի կաթիլները։