Jump to content

Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/40

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

այն զգացումները, որոնք օտար են իմ սիրոյս։ Կուզեմ վանել նոյնիսկ սիրուած ըլլալու փառասիրութիւնը։ Կուզեմ շեշտակի նայիլ իմ հպարտութեան անպարտելի զգացումին, որ կը գոռոզանայ իմ մէջս իմ ամենէն վճռական ժամերուս։ Կուզեմ, որ անստուգութեան, կասկածներու, վարանումներու բոլոր ամպերը փարատին, ու հոգւոյս երկնակամարին վրայ իմ սիրոյս արեր ճաճանչէ աոանձինն և երկարատև պայծառութեամբ:

Ւ՞նչ խօսք, ի՞նչ բառ երբէք պիտի փոխարինէր այն պահը, որ ապրեցանք պատշգամին վրայ, երբ զգացի, որ իմ հոգիս կը միանար իր հոգիին։ Մարդկային շրթները սիրոյ բառեր հազիւ թէ թոթոված են մինչև այսօր, և ոչ մէկ ստուերը այն անսահման երանութեան չէ կարելի բանաձևել ոևէ հնչականութեան մէջ: Ոչ, աւելի լաւ է լռել ու լսել հոգւոյն երաժշտութիւնը։ Լռել երկարօրէն, մինչ աչքերը իրարու կը հանդպին ու սիրելիին ներկայութիւնը խնկաւէտ կը դարձնէ մթնոլորտը։ Լռել, երբ սիրտերը կը խօսին իրենց փափուկ և գերանուրբ բարբառով, որովհետև որքան ալ արուեստով և որքան ալ ճարտարօրէն արտասանենք նուիրական բառերը սիրոյ, դարձեալ անիկա կոպիտ և աններդաշնակ աղմուկ մը պիտի ըլլայ, որ պիտի խափանէ կամ խանգարէ աստուածային համանուագը երկու հոգիներու, որոնք իրարու կը մրմնջին ամենասուրբ խորհուրդին մԷջ մեր անգիտակցութեան։

Այսօր կրկին պիտի տեսնեմ զինքը և երջանկութեան բեռին տակ ճնշուած կըզգամ ինքզինքս։ Դիմացս դափնեվարդի մշտադալար ծառ մը կայ, որ հիւսիսային ուժգին հովին ներքև կը հակի բոլոր հասակովը։ Ամեն անգամ, որ անոր ճիւղերը գալարուելով կը ծռին և տերևներու երկու երեսները աւելի մութ ու աւելի բաց կանանչներով փոխն ի փոխ կը յայտնուին, իմ պատկերս կը տեսնեմ այդ ծառին մէջ։ Յոգնած կըզգամ ինքզինքս, ու բան մը կայ, որ զիս կը կքէ այլևս իր բեռին ներքև։

Երբ դրանը վարագոյրին ստուերին մէջ զգացի իր ներկայութիւնը, կարծեցի, որ սիրտս դադրեցաւ բաբախելէ։ Կարծես անսահման խորութեան մը մէջ անսահմանօրէն անկումի զգացումը ունէի։ Ուրիշ կերպ չեմ կրնար բացատրել այն տագնապալի վայրկեանը, որ անցուցի։ Ամեն ինչ մթնցած ու անէացած էր իմ շուրջս, գոյները և ձևերը իրենց սովորական արժէքը կորսնցուցած էին, և անշունչ առարկաներն իսկ կարծես ձուլուած էին իմ հոգիիս մէջ։