Jump to content

Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/39

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

համար չէ՞, որ մարդիկ երջանկութիւնը կընդնշմարեն երկվայրկեանի մը մէջ և չեն կարող ապահովել անոր տևողութիւնը: Կասկածներ, վարանումներ, անստուգութիւններ և նպատակներ կը խանգարեն ամեն ինչ։ Բայց իմ մէջս ոևէ ստուեր չի կայ, ես չունիմ կասկածներ ու վարանումներ, որովհետև ես չունիմ նաև նպատակներ, և ստուգութիւնը իմ մէջս է, և անոր հասած եմ արդէն, քանի որ պէտք չունիմ երջանկութեանս ապացոյցները փնտռելու ինձմէ դուրս, կամ նոր հանգրուաններու հասնելու։ Ես կը սիրեմ ու երջանիկ եմ. իմ զգացումս զիս կերջանկացնէ, և նոյնիսկ չեմ խորհիր, թէ անիկա ի՞նչ կը մտածէ իմ մասիս, թէ նոյնիսկ կը մտածէ՞ երբեմն...

Թերևս իմ ապահովութեանս պատճառը այն է, որ իմ ռւժգին ու խոր գգացումս պայծաոատեսութեամբ օժտած է զիս, և ես շատ աւելին կը տեսնեմ, քան սովորական ատեն, և ես գիտեմ, թէ անիկա ինչ հոգեկան դրութեան մէջ է ինձի նկատմամբ։ Բայց կը խորհիմ. եթէ նոյնիսկ չի գիտնայի, եթէ նոյնիսկ գիտնայի, թէ անտարբեր է ինձի համար, պիտի դադրէի՞ զինքը սիրելէ։ Վստահ եմ որ ոչ։ Ես կը սիրեմ ու կամփոփուիմ իմ զգացումիս մէջ, ինչպէս թրթուռը իր հիւսած բոժոժին մէջ, ու կը պարուրուիմ անով։ Անիկա կը դառնայ իմ նոր աշխարհս, իմ նոր օրէնքս ու երջանկութիւնս կը քաղեմ իմ խորքերէս։ Իմ հոգիիս մէջ է, որ կը բղխին անոր վճիտ աղբիւրները, իմ հոգիիս մէջ է, որ կը ծաղկին անոր գեղեցկագոյն ծաղիկները, և հոն է, որ ծագած է իմ սքանչելի և նոր արևը։ Եւ ինչ որ զիս ամենէն աւելի կը սքանչացնէ, այն ամեն պահու նոր և թանկագին զգայնութիւններս են, որ կը գըտնեմ ինքզինքիս մէջ:

Կը մտածեմ... սնափառութիւն և հպարտութեան զգացում. գիտնալ անպատճառ, թէ մեր ունեցած զգացումը փոխադարձ է թէ ոչ: Ինչո՞ւ անհանգիստ անհամբերութեան մը մատնուիլ։ Յստակ կերպով և առանց ջղագրգռութեան մտածելով այդ բանին վրայ, գիտեմ թէ աստուածային երանութեամբ մը պիտի նուիրագործուէր իմ զգացումս, եթէ որոշ կերպով գիտնայի իր հոգեկան վիճակը։ Բայց այդ տեսակ ստուգութիւն մը, որքան ալ բարեբաղդ ըլլար, ոչինչ պիտի փոխէր իմ գզգացումիս իսկութենէն։ Անիկա ցանկալի էր այն յոյսով միայն, որ աւելի մեծ խորութիւն մը ու գերագոյն ուժգնութիւն մը պիտի ընծայէր իմ սեպհական զգացումիս...

Ես ըսի արդէն ուրիշ առթիւ կուզեմ իմ հոգիէս վանել բոլոր