Jump to content

Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/44

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իսկ վաղանցուկ տրտմութիւն մը պիտի թունաւորէր իմ հոգեկան անդորրութիւնս, ու ես այլևս պիտի դադրէի ես ըլլալէ։ Աչքերս կը հանդպին Արշակի աչքերուն։ Ինքն ալ կին մը ունի և զաւակներ ու շատ կը սիրէ իր զաւակները։ Ւր անձկալի և խռովուած նայուածքը կը դիմաորէ իմ մտածումս։

Միքայէլ կը պատասխանէ խիստ և մտրակող խօսքերով։ Ւր բոլոր դաոնութիւնը, վախերը ու հոգեկան ցաւերը կը ժայթքին հզօր պերճախօսութեամբ մը. ամենքը կը լռեն ու մտիկ կընեն զինքը: Ւր իրաւաբանի տրամաբանութիւնը ջախջախիչ է:

—Կինը, որ կը դաւաճանէ էր զաւակներուն, որ անհաւատարիմ է իր ամուսնոյն, գործով թէ խորհրդով, անարժան կին է, ու սիրականը պէտք է գիտնայ, որ օր մը կը դաւաճանէ նաև իրեն: Երբ յարգանքի լուսապսակը կը վերանայ կնոջ մը վրայէն, փողոցի աղիճին հաւասար է անիկա։ Այլևս ու՞ր կըսկսէն և ու՞ր կը վերջանան իրեն համար պատիւը, պարտականութիւնը և կնոջ յատուկ աոաքինութիւնները։ Թեթևամտութիւն է լեզուի ծայրով խօսիլ ու գովաբանել վիճակ մը, որ ծանրակշիռ բաներ իրենց հիմունքէն կը խախտէ: Կուզէի՞ք, որ ձեր կինը ըլլար նման այդ կնոջ. կուզէի՞ք, որ անիկա պատրաստ ըլլար «անսալով իր զգացումներուն», տեղի տալու մէկու մը, որ ուրիշէ մը աւելի յանդուգն գտնուէր ։ Պիտի սիրէի՞ք խորապէս կին մը ու յանձնէիք անոր ձեր զաւակներուն դաստիարակութիւնը, եթէ կարելի ըլլար զայն քաղել, երբ որ ուզէին, ուր որ ուզէին... ու այդ պարագային կինը գեղեցիկ ալ չէ, ոչ մէկ հրապոյր ունի։ Կարելի է մօտենալ անոր նոյնիսկ ձանձրոյթով, նոյնիսկ զզուանքով, մղուած միմիայն սովորութենէ և անխոստովանելի պահանջներէ...

Ւր սրտմտած և խիստ նայուածքը մասնաւորապէս ուղղած էր ինձի, կը սևեռէր զիս աններող զայրոյթով մը, կարծես ես ըլլայի խնդրոյ առարկայ կինը, ու ինքզինքս խռովուած զգացի։

Բայց յանկարծ իմ հոգիիս հարազատ և մաքուր զգացումը բարձրացաւ սիւնի պէս։ —Չէ, դուն չես կարող զիս վախցներ ոչ քու իրաւաբանի տրամաբանութիւնովդ և ոչ ալ քու ցասումէդ ու կատաղութենէդ բղխած նախատինքներով։ Բոլոր շղթաները ինկած են այլևս ինձի համար, ու ինքզինքս ազատ կըզգամ վայրի թռչունի մը պէս... Եթէ ես կը խօսիմ ամենուն լարուած ուշադրութեան առաջ դէմ այդ կնոջ, որ տունը և զաւակները թողեր ու գացեր է իր սիրականին հետ, ոչ Միքայէլին համար է, ոչ դրացիներուն և ոչ այն օրէնքներուն, որ այդպէս սահմանած են կարգ ու սարքը, այլ որովհետև իմ զաւակներուս ժպտուն աչքերը կը