տեսնեմ, որոնցմէ արցունքի ամպեր կրնային անցնիլ իմ սեպհական երջանկութեանս պատճառով, որովհետև չեմ ուզեր, որ ես ըլլամ մայրը իրենց վիշտերուն, որովհետև նաև ինձի համար չի կան պայմաններ երջանիկ ըլլալու համար, ու ես բաղձանքներ չունիմ, ապագայ կեանքի ծրագիր ու երազ չունիմ, ես զերծ եմ ու ազատ ցանկութիւններէ և այն բոլոր գռեհիկ կնճիռներէ, որոնք մանր հոգերով կը չարչարեն մարդիկը։ Այնպէս որ անկեղծ եմ և իմ հոգիիս խորքերէն կը բղխին, երբ կըսեմ.—անկարելի է ուրիշներու դժբաղդութեան գնով երջանկութիւն կազմել։ Այդ կինը ուշ թէ կանուխ դժբաղդ պիտի գգայ ինքզինքը։ Յիշելով իր զաւակները և անոնց սրտաբեկութիւնը, իր կեանքին բոլոր ճառագայթները պիտի մթագնին։ Իր սեպհական երջանկութեանը համար իսկ պէտք չէր, որ այդ երկնտրանքին մէջ դնէր ինքզինքը։ Իսկ եթէ ընդունակ է մոռնալու իր զաւակները... ես կը խորհիմ, թէ անընդունակ է նաև ոեէ մեծ զգացում ունենալու։ Այսուամենայնիւ պէտք չէ մեղադրել զինքը, այլ կարեկցիլ իր անկարողութեան...
Արշակ կը նայի ինձի քաղցրութեամբ ու գորովանքով, ու անգամ մըն ալ կըզգամ, որ ոչ միայն մեր հոգիները, այլ մեր մտածումները կը ներդաշնակուին իրարու։ Եւ ահա այդ զգացումը կը խաղաղեցնէ իմ ձգտուած ջիղերս։ Արտասուելու փափաք ունիմ, բայց աչքերս կը ժպտին։ Ես աւելին ըսի, քան արտասանեցի։ Ես ուզեցի ըսել քեզի սիրելիս, որ օրէնքները ու զայրոյթները չեն, որ կը հակակշռին մեր զգացումները, այլ մեր զգացումներէն իսկ բղխող դիւրազգացութիւնները։ Ես ուզեցի ըսել, զոհողութիւն չէ, որ կընենք, այլ կը հետևինք մեր հոգեկան նրբութիւններուն ու այդպէսով միայն հաշտ կը մնանք ոչ թէ ուրիշներուն, այլ ինքզինքնուս հետ, որովհետև վերջապէս ոչ միայն իմ զաւակներուս, այլ և քու զաւակներուդ տխրութիւնը անհանդուրժելի է ինձի, որովհետև ինձի սիրելի ու թանկագին են բոլոր անոնք, որոնց վրայ նոյնիսկ վաղանցուկ կերպով մը քու սէրդ ու գուրգուրանքդ կանգ առած է, և եթէ րոպէի մը մէջ իսկ տեսնէի ցաւի կամ զղջումի ստուերը քու աչքերուդ մէջ, ամբողջ հոգիս պիտի մթագնէր անդառնալի կերպով:
Վերին Վոսփոր գացեր էի այցելութեան. ինչո՞ւ ունեցայ մտածումը երթալ տեսնելու ազգականներ, որոնց չէի հանդիպած տարիներէ ի վեր: Ներքին և անբացատրելի դրդում մըն էր ատիկա։ Երբ առաւօտուն արթնցայ ու զարթնումի առաջին պահը ինձի վերադարձուց իմ յիշողութիւնս, քաղցրահամ ճաշակը կեանքին