Jump to content

Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/46

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

զգացի շրթներուս վրայ։ Ուզեցի դուրս ելնել իմ սովորական շրջանակես ու իմ երջանկութիւնս տանիլ ուրիշ մթնոլորտներու մեջ, զայն սերմանել ամենուրեք ու կայծ մը, ցոլք մը թողուլ թերևս տրտում և ձանձրացած մարդոց սրտերուն մէջ:

Վերադարձին ուշ մնացի, այնպես որ արևը մայր կը մտնէր արդեն, երբ հասայ Պէպէքի նաւամատոյցը, ուրկե վերջին շոգենաւով մը պէտք էր փոխադրուէի Սկիւտար։ Հարկ էր կէս ժամ սպասել, բայց ես զոհ էի ծովահայեաց սպասման սրահին մէջ, ուր անցորդները ցանցառ էին, և իմ միտքս կը թափառէր իմ երևակայութեանս թափովը: Կարծես կը սպասէի ոչ թէ շոգենաւին, այլ բարեբաղդ դիպուածի մը, այնպէս որ նոյնիսկ զարմացումը զիս չի ցնցեց, երբ յանկարծ տեսայ զինքը: Ինչո՞ւ հոն էր այդ ժամուն, նոյնիսկ անհաւատալի է: Ինձի բացատրեց, որ պէտք էր կամուրջէն Գատը գիւղ անցնէր, բայց մտածեց Պէպէք գալ, առանց գիտնալու թէ ինչու, ներքին և քմահաճ դրդումի մը անսալով:

—Ինչո՞ւ... ինձի համար, ինձի համար, սիրելիս, մտածեցի ինքնիրենս, բայց աւելի չի խօսեցանք այդ տարօրինակ դիպուածին վրայ:

Առաջին անգամը ըլլալով մինակ էինք բացարձակապէս իրարու հետ, և այդ բանը մեզի անսովոր շփոթութիւն մը պատճառեց անմիջապէս. ծանր լռութիւններ կընդհատէին մեր խօսքերը: Կարծես վախը ունէի, որ նոր վիճակ մը պիտի յայտնուէր, որ պիտի խանգարեր իմ հոգեկան դրութիւնս, ու խուսափելու համար աներևոյթ վտանգէն, կըզգուշանայի իրեն նայելու և ուշադրութիւնս սևեռած էի անցնող մարդոց վրայ, իբր թէ ամեն մէկին ձևը և շարժումները կենսական նշանակութիւն ունենային ինձի համար:

Այլ սակայն երկայն չի տևեց այս անհանգստութիւնը. ներդաշնակութիւնը հաստատուեցաւ մեր մէջ, և վստահութեամբ ապաւինեցայ իրեն: Առաջին օրէն իսկ ես կորսնցուցած էի բոլորովին իմ կնոջական պչրանքներս, ճարպիկութիւնս ու նոյնիսկ փորձառութիւնս. իրեն հետ ես կը գտնուէի գրեթէ մանկական միամտութեան և պարզութեան մեջ ու յանձնուած էի բոլորովին իմ բնազդիս: Ինքը չէր գիտեր թերևս, բայց այնքան բոլորանուէր զգացումով մը տոգորուած էի, որ կարող էր իմ կամքս վարել ինչպէս որ կուզէր։ Այդ վիճակը զիս մտահոգ չէր ընէր, որովհետև նոյնիսկ գիտակցութիւնը կորսնցուցած էի այդպէս ըլլալուն: Այդ պատճառով է, որ չի մտաբերեցի նոյնիսկ, թէ ուշ էր, թէ շոգենաւը կըրնայինք փախցնել. մոռացայ Միքայէլը ու ամեն ինչ և անշշուկ հետևեցայ իրեն, երբ ըսաւ.