Jump to content

Էջ:Gorts magazine (1917, issue 1).djvu/58

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

58 -

որ եթէ գիտնար ճշգրիտ կերպով մը, թէ ինչ եղած է բնոյթը իմ զգացումներուս, աւելի ներողամիտ պիտի ըլլար և ինքզինբը անդարմանելի կերպով նախատուած չի պիտի համարէր իր իրաւունքի, պատուախնդրութեան պայմանադրական զգացումներուն մէջ. Մնաց որ ինչ որ ինբը անքաւելի մեղք կը համարէ, կրնար վերջապէս արդիւնքը ըլլալ վաղանցուկ քմահաճոյքի մը, զգայարաններու մոլորանքի մը։ կրնայի իրեն խօսիլ ու մեղմացնել իր տառապանքը, կրնայի սուգի և վիշտի բեռը վերցնել իր հոգւոյն վրայէն, եթէ յաջողէի համոզել դինքը իրականութեան, բայց իմ տեսակէտս տարբեր էր և գիտնալով, թէ յանցաւոր չեմ իմ ըմբռնած եղանակովը, գիտէի նաև, որ այն հոգեկան կապը, որ հաստատուած էր իմ և քու մէջ, անանցանելի և անիւզելի էր և որով միշտ շղթայուած պիտի մնար իմ մտածումս և սիրտս։

Մեկնեցան վերջապէս և Միքայէլ զոհ է, որ իր վրէժը լուծեց. մեկնեցան և ես մենակ մնացի քեզի հետ. բայց այս նոր կացութիւնը անսպասելի կերպով չփոթութիւն և դաոնութիւն պատճառեց մեզի, մենք զգացինք և լոելեայն համաձայնեցանք, որ գռեհիկ բան պիտի ըլլար մեղմէ անկախօրէն յառաջ եկած վիճակը շահագործել, և մենք աւելի ցանցառ կերպով իրարու հանդիպեցանք ու աւելի վերապահ դարձան. Քանի Միքայէլը հոս էր, դիւրաւ կը մոռնայինք իր ներկայութիւնր, բայց իր մեկնելէն ետքը իր չարաբաստիկ ուրուականը յարատև կերպով կեցած էր մեր մէջ. և որ անծանօթ խորքերէն մեր հոգիներուն ստուերներ երկարեցան ու մթագնեցին մեր ևրջանկութիւնը.

Դուն չի հասկցար, թէ ինչու ես ալ որոշեցի մեկնիլ. դուն չի գիտցար երբէք, որ այդ դժուարին որոշումը առնելէ առաջ հոգիս գալարուեցաւ ճգնաժամային պայքարներով, Երբ կը մտաբերէի քու վիշտդ ու տխրութիւնդ, երբ կը մտաբերէի սրտագին խօսքերդ, որոնցմով քանի անգամներ յայտնեցիր ինձի, թէ դառն յուսարեկութեան մը պիտի մատնուէիր, եթէ յանկարծ հեռանայի, կարծես բոլոր կորովս կանհետանար, բայց, սիրելիս, ես մայր եմ, ու հոգիիս մէջ ձայն մը կար, որ աւելի բարձր հնչեց, և ես զդալով, որ ժպիտը և ուրախութիւնը հետզհետէ կը մարի իմ սրտիս մէջ, որոշեցի իմ կոչումիս հետևիլ և երթալ զաւակներուս մօտ. Ահա թէ ինչու ես որոշեցի մեկնիլ. ոչ Միքայելին համար և ոչ ալ օտարներուն համար, որ պիտի դատէին զիս. Ես մեկնեցայ, որովհետև զաւակևերէս հեռու ըլլալու ցաւը ամօթ և վհատութիւն