Ե.ճաշակի խնդիրը տրամաբանութեան հետ գործ չունի: Զ.Մեծ սխալ է պճնասիրութիւնն անոր համար հարուածել, որովհետեւ մեծ ծախքերու կարօտ է. պէտք է զայն իբրեւ մոլութիւն Հարուածել, վասն զի մոլութիւններ կան որ ծախքերու կարօտութիւն չունին եւ առանց ծախքի ե- ղած մոլութիւններն առաքինութիւն չեն: Է.Կիները համոզվելու են թէ գեղեցկութիւնը պարզութեան մէջ է. թէ որչափ վնասակար է երբ կիները այնպէս կարծեն թէ մեծ զոհողութիւն կ՚ընեն պարզ հագվելով: Ը.Գովելի են այն կիներն որք ինքնաբերաբար զգացած են պարզութեան հարգն եւ առանց ուրիշներէն քաշվելու կամ իրենց ընկեր փնտռելու կրնան պարզ հագվիլ Թ. Եթէ հագուստն ազդեցութիւն ունենար մարդուս սրտին վրայ` ւիիլոնն մեզի սուրբեր հասցնելու տեղ շատ անգամ սատանաներ չպիտի ընծայէր. Ժ.Առանց դաստիարակութեան ընդունւած պարզ հագուստն իբրեւ նորաձեւութիւն կ՚ընդունվի եւ այնչափ կը տեւէ որչափ որ կը ներէ հագուստին հիւսուվածքը. պատռվելուն պէս պարզասիրութիւնն շրջազգեստին հետ մէկտեղ կամ կը նետվի կամ աղքատի մը կը տրվի: Այս ամէնը գիտէ բայց բաջալերութեան վրայ մեծ վստահութիւն ունենալով կը կարծէ թէ ապառաժի վրալ ինկած սերմերն քաջալերութեամբ կրնան բուսնիլ եւ աճիլ: Եթէ նոր ձեռնարկութեան մը համար երթաս իրմէ խորհուրդ հարցանես` կը քաջալերէ զքեզ միայն թէ այդ ձեռնարկութենէ իրեն ալ շահ մը հանելու ես. վասն զի, ինչպէս ըսինք առանց ստակի տեղէն չշարժիր, թէպէտ եւ ազ- գային կեանքին մէջ անշահախնդրութեան օրինակ մը կրնայ համարվիլ: Յարութիւն էֆէնտին պարզ հագվելէն աւելի կը սիրէ անկախ կեանք վարել եւ մաքուր ապրիլ: եթէ մէկու մը բարեւ. տալ հարկ ըլլայ` երկու շաբաթ առաջ Ժիւլ Սիմոնի Ազատութիւնը կը կարդայ որպէս զի չըլլայ թէ բարեւ տալու
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/104
Արտաքին տեսք