Jump to content

Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/108

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ըլլալն կը ւիաւիաքէր ծանուցանել: Այս Համառօտ բայց կարեւոր տեղեկութիւնը տալէն ետքը պէտք է, անհրաժեշտ պէտք է հոս յիշել, գոնէ Հասունեանն ազգատեաց չկոչելու համար երբ իւր կենսագրութիւնը կը կարդանք, որ այս կրօնաւորն զաւակ է Եաղուպ Իպն Եուսէֆ Հասօ անուն Բերիացի Ասորիի մը եւ ոչ թէ հայու զաւակ ինչպէս կ'աւանդեն անհաւատարիմ պատմագիրներէն ոմանք: Իւր գործերն բաւական են ապացուցանել թէ հայու զաւակ չէ. եթէ ըլլար` անկարելի էր որ իր ւսզգն սպաննելու աշխատէր քանի որ ազգն սպաննողներու համար պատիվ մը սահմանված չէ: Երբ հարցվեցաւ Սողոնի թէ ինչո՛ւ օրէնք մը չդրաւ հայրասպաններու համար, չէի կարծեր որ, պատասխաներ Աթէնքի օրէնսդիրն, պիտի գտնըվին մարդեր որ համարձակին իրենց հայրն կամ մայրն սպաննելու։ Կը պատմեն թէ ծննդենէն տասն օր ետքը եկեղեցի տարվեցաւ կնքըվելու Համար: Մկրտութեան ժամանակ իմացուց կերպով մը որ երկար արարողութիւններէ շատ չախորժիր, այնչափ շատ լացաւ որ մկրտող քահանան ստիպվեցաւ սղագրել.. . արարողութիւնը: Փառասէր ըլլալն ալ հաստատեց նոյն օրն. երբ կնքաՀայրը քահանային պատասխանելով կ՚ըսէր թէ' երխայն հաւատք, յոյս եւ սեր կը խնդրէ մէկէն ի մէկ կնքահօրը գրկէն նետվելով երախայն կաթողիկոսութիւն կը խնդրե պօռաց: Կնքահայրն իւր սանին սիրտը չը կոտրելու համար սերը վերցուց եւ տեղը կաթողիկոսութիւն դնելով կրկնեց, երախայն հաւատք, յոյս եւ կաթողիկոսութիւն կը խնդրե: Պատրիարքութիւն ալ կը խընդրեմ, կրկնեց տղան . կնքահայրն` որ վարժված էր զաւակին տալ ինչ որ ուզէր, չը համարձակեցաւ սանին խնդիրքը մերժել. ուստի հաւատք բառին տեղ պատրիարքութիւն դնելով ըսաւ, երախայն պատրիարքութիւն, յոյս եւ կաթողիկոսութիւն կը խնդրէ։ —Հապա՜ հաւա՞տքը: — Հիմակու հիմայ թող մնայ այն, պատասխանեց երախայն: